«Ասպարէզ»ի հարիւրամեակի առթիւ ծրագրած էինք հայերէնի շարադրական մրցում մը յայտարարել՝ մասնակցելու հրաւիրելով հայկական, հանրային եւ մասնաւոր այլ վարժարաններու միջնակարգ դասարանի աշակերտութեան:
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մշակութային բաժինն ալ նոյն ծրագիրը ունէր եւ կ’ուզէր միացնել Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ժամանակ» օրաթերթը, որուն հարիւրամեակն է նաեւ այս տարի:
Այս ծրագրի իրականացման համար, շուրջ ամիս մը առաջ դիմեցինք Մոնթեպէլլոյի համայնքին, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի ազգային կառոյցներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող, տարի մը առաջ մահացած Մկրտիչ Ղանդիլեանի թոռնիկին՝ Մայքըլ Ղանդիլեանին՝ առաջարկելով իր մեծ հօր անունով մրցանակ մը հաստատել շարադրական այս մրցումին համար:
Մայքըլ, յարգելով իր սիրելի մեծ հօր յիշատակը՝ սիրով ընդառաջեց եւ յանձն առաւ հինգ հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը, որ պիտի յատկացուի այս ծրագրի իրականացման հետ կապուած ծախսերուն:
Խմբագրութիւնս, այս հնարաւորութեան լոյսին տակ, որոշեց ծրագիրը իրականացնել հետեւեալ ձեւով.
– Յայտարարել «Ասպարէզ»ի հարիւրամեակի առթիւ շարադրական մրցում՝ միջնակարգ (9-12 դասարան) վարժարաններու աշակերտութեան համար, անխտիր բոլոր դպրոցներուն մէջ: «Ժամանակ»ին հարիւրամեակը շնորհաւորելով՝ մրցումը կը նուիրուի երկու հայկական թերթերու հարիւրամեակին:
– Մրցումին մասնակիցներէն կ’ակնկալուի համակարգիչով տպուած, նուազագոյնը երեք հազար բառերԷ բաղկացած ընդգրկող արձակ, ստեղծագործական գրութիւն մը, արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն: Գրութիւնը խմբագրութեանս պէտք է հասնի ամէնէն ուշը մինչեւ Փետրուար 25, 2009:
– Խմբագրութեանս խնդրանքին ընդառաջելով՝ շարադրութիւնները գնահատող եւ յաղթողները ընտրող դատակազմի անդամ ըլլալու պատրաստակամութիւն յայտնած են Վահէ Պէրպէրեան, Անահիտ Արամունի եւ Իշխան Ճինպաշեան:
– Մրցոյթին առաջին հանդիսացողը պիտի ստանայ հազար տոլարի մրցանակ, երկրորդ հանդիսացողը՝ հինգ հարիւր տոլար, իսկ երրորդ հանդիսացողը՝ երկուհարիւր յիսուն տոլար:
– Առաջին տասին մէջ գտնուող մրցանակակիրներուն «Ասպարէզ»ի մէկ տարուան բաժանորդագրութիւն պիտի նուիրուի:
– «Ասպարէզ» յատուկ ներդիրով հանրութեան պիտի ներկայացնէ մրցումին ներկայացուած լաւագոյն կտորները:
– Մրցանակները պիտի յանձնուին յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին, յառաջիկայ Մարտի վերջերուն:
Խմբագրութիւնս, այս ծրագրի իրականացման համար, կը խնդրէ հայ տնօրէններու եւ ուսուցիչներու աջակցութիւնը՝ մղելով աշակերտութիւնը մասնակցելու այս ծրագրին: Նաեւ կը խնդրենք մեր ընթերցողներէն՝ տեղեակ պահել իրենց շրջապատի համապատասխան դասարանի հայ աշակերտները, եւ խրախուսել զանոնք մասնակցելու այս ծրագրին:
Գրութիւնները պէտք է ուղարկուին editor@asbarez.com հասցէին: Որեւէ հարցումի համար կրնաք հեռաձայնել խմբագրութիւն: