Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, հիմնուելով Հայ Դատի տեղական Շրջանային մարմիններու զեկոյցներուն ու արժեւորումներուն, ինչպէս նաեւ իր ունեցած տուեալներուն վրայ՝ կազմած է ցուցակը այն քոնկրէսականներուն, որոնք իրենց բռնած դիրքորոշումներով եւ գործունէութեամբ, ստացած են յանձնախումբին զօրակցութեան արժանի ըլլալու իրաւունքը:
«Ասպարէզ» կը հրատարակէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմած այս ցուցակի՝ մեր շրջանի՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու տարածքի քոնկրէսական թեկնածուներու անունները, կոչ ուղղելով մեր ընթերցողներուն, որ Նոյեմբեր 4ին իրենց քուէները տան իրենց ապրած շրջանէն ներկայացած համապատասխան թեկնածուի օգտին:
Արիզոնայէն՝ Էտ Փասթոր, Ռաուլ Կրիյալուա եւ Կապրիէլ Կիֆըրտս:
Քալիֆորնիայէն՝ Մայք Թամփսըն, Տան Լանկրըն, Տորիս Մաթսուի, Լինն Վուլզի, Ճորճ Միլլըր, Նանսի Փելոսի, Պարպարա Լի, Էլլըն Թաուշըր, Ճերի Մըքնըրնի, Ճաքի Սփիր, Փիթ Սթարք, Աննա Իշու, Մայքըլ Հոնտա, Զո Լաֆկրին, Սամ Ֆարր, Տենիս Քարտոզա, Ճորճ Ռատանովիչ, Ճիմ Քոսթա, Տէվին Նանզ, Քեւին ՄըքՔարթի, Լուիս Քափս, Էլթըն Կալըկլի, Պաք ՄըքՔէոն, Տէյվիտ Տրէյըր, Պրատ Շըրմըն, Հաուըրտ Պըրմըն, Ատըմ Շիֆ, Հենրի Ուաքսման, Հաւիէտ Պեքերա, Հիլտա Սոլիս, Տայան Ուաթսըն, Լուսիլ Ռոյպալ-Ալլըրտ, Մաքսին Ուաթըրզ, Լորա Րիչըրտսըն, Կրէյս Նափոլիթանօ, Լինտա Սանչեզ, Էտուըրտ Ռոյս, Ճէրի Լուիս, Կէրի Միլլըր, Ճօ Պաքա, Քէն Քալվըրթ, Մէրի Պոնօ Մաք, Տանա Ռոհրապաքըր, Լորեթա Սանչեզ, Ճան Քամպըլ, Տարըլ Իսսա, Պրայըն Պիլպըրէյ, Պապ Ֆիլնըր եւ Սուզըն Տէյվիս:
Քոլորատոյէն՝ Ծերակոյտի համար՝ Մարք Եուտալ: Քոնկրէսի համար՝ Տայան Տիկեթի, Ճան Սալազար, Մարիլին Մուսկրէյվ եւ Էտուին Փըրլմաթըր:
Նեւատայէն՝ Շէլի Պըրքլի եւ Ճան Փորթըր:
Նիւ Մեքսիքոյէն՝ Ծերակոյտի համար՝ Թամ Եուտալ:
Օրիկընէն՝ Ծերակոյտի համար՝ Ճէֆ Մըրքլի, Քոնկրէսի համար՝ Տէյվիտ Վու, Ըրլ Պլումենըր եւ Փիթըր Տէֆազիօ:
Թեքսասէն՝ Ալ Կրին, Մայքըլ ՄըքՔոլ, Չէթ Էտուըրտզ, Շիլա Ճաքսըն Լի, Չարլի Կոնզալէզ, Սիրօ Ռոտրիկէզ, Քենի Մարչանթ, Լոյտ Տաճէթ եւ Ճին Կրին:
Քուէարկեցէք ձեր շրջանէն այս ցանկին վրայ գտնուող թեկնածուներուն: