Եթէ լուրերու կը վերաբերի, անշուշտ պէտք է տպել, հրապարակել, հրատարակել թերթով, եթէ արժանի է, արժանահաւատ է, նշանակութիւն մը ունի մեր կեանքին, մեր իրականութեան մէջ:
Սակայն, որոշ պարագաներու, որոշ տատանում մը կ’ապրիս, նախքան որոշել՝ լուրին տեղ տա՞լ, թէ չտալ:
Այսպիսի պարագաներ են, օրինակ, այն լուրերը, որոնք պէտք է ըստ էութեան ուրախացնեն մեզ, եւ սակայն, որոնց մէջ կան ցաւոտ խնդիրներ յուշող տեղեկութիւններ:
Բազմիցս անդրադարձած ենք վերջին շրջանին Ղարաբաղի մէջ պետութեան ղեկավարներու կողմէ կաշառակերութեան դէմ ձեռնարկած քայլերուն ու պայքարին: Նկատի ունենալով, որ ճամբաներու եւ շէնքերու շինարարութիւնը այն ոլորտն է, ուր պետական կամ բարեգործական կազմակերպութեանց կողմէ հսկայական ծաւալներով գործեր կը պատուիրուին, հետեւաբար հանրային եւ ոչ մասնաւոր միջոցներ կը յատկացուին այնտեղ: Ղարաբաղի իշխանութիւնները իրենց յատուկ ուշադրութեան տակ առած են այս ոլորտը եւ հարկ եղած պարագային, նոյնիսկ դադրեցուցած են աշխատանքները, երբ յայտնաբերած են չարաշահումներ:
Չարաշահումներու յայտնաբերումը ու պայքարը անոնց դէմ հրաշալի է: Ինչ կը մտահոգէ, այն է, որ այսպիսի լրատուութիւն կրնայ իւղ լեցնել այն շրջանակներու վառած կրակին, որոնք ընդհանրապէս դէմ են Հայաստանին ու Արցախին օգնելու եւ կարեւոր ծրագիրներ իրականացնելու սփիւռքեան բարեգործական ներդրումներու գաղափարին, եւ իբրեւ զէնք՝ գործածած են եղած թէ չեղած չարաշահումներու քարոզչութիւնը:
Յայտնի բարերար, հասարակական գործիչ, Հայաստանին ու տեղւոյս համայնքին համար կարեւոր ծրագիրներ իրականացուցած մարդու մը՝ Վահէ Կարապետեանին (իր հետ հարցազրոյց մը առանձին պիտի հրատարակենք յառաջիկայ Շաբաթ օրուան մեր թիւով) երբ դիմեցինք այս հարցով՝ իր խորհուրդն ու կարծիքը իմանալու համար, ան պարզ ու յստակ բացատրեց իր մտածումը. անպայման պէտք է հրապարակել չարաշահումներու յայտնաբերումը, որպէսզի աւելի եւս վստահութիւն ներշնչուի նուիրատուներուն մօտ, որպէսզի պետական մակարդակով տիրութիւն ըլլայ իրենց քրտինքով շահած գումարներուն, որպէսզի այդ գումարները առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ օգտագործուին այն նպատակներուն համար, որոնց յատկացուած են:
Հասկնալի է: Ուրեմն կը շարունակենք նոյն ոգիով տեղ տալ բոլոր չարաշահութեանց յայտնաբերումներուն՝ դատապարտելով զանոնք եւ գնահատելով անոնց դէմ խիստ պայքար շղթայազերծած պետական մարմիններուն աշխատանքը: