Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը երէկ հրապարակեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն իր նախընտրած թեկնածուին մասին զօրակցութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը:
«Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հպարտութեամբ այսօր կը յայտարարէ, որ թիկունք կը կանգնինք Պարաք Օպամային, որուն մեր զօրակցութիւնը յայտնած էինք անցեալ Յունուարին եւ որուն ի նպաստ քուէահաւաք լայնամաշտապ ու ծաւալուն աշխատանք տարինք անցեալ ինը ամիսներու ընթացքին», կ’ըսէ յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեանի անունով կատարուած յայտարարութիւնը:
Հայ Դատի յանձնախումբը Օպամային, այլ ոչ՝ Ճան ՄըքՔէյնին, զօրակութիւն յայտնելու որոշումը հիմնած է «Ծերակուտական Օպամային աշխատանքային անցեալի իրագործումներուն, անոր թեկնածութեան ընթացքին կատարած յանդուգն ու խիզախ յայտարարութիւններուն, կեցուածքներուն եւ մեր դատողութեան վրայ, թէ իբրեւ նախագահ՝ ան ինչպիսի քաղաքական վարքագիծ պիտի բռնէ: Այդ բոլոր հիմնաւորումները կը հաւաստեն, որ Օպամա-Պայտըն վարչակազմը աւելի ճիշդ կողմնորոշում ու կեցուածք պիտի ունենայ քան ՄըքՔէյն-Փէյլին զոյգը՝ ամերիկահայ համայնքին յուզող հարցերուն ու անոնց որդեգրած արժէքներուն հանդէպ»:
Ընտրութիւններուն մնացած է շատ քիչ ժամանակ: Նոյեմբեր չորսին այս մեծ երկրի տարածքին հայկական քուէն պէտք է արժեւորուի իր միահամուռ կեդրոնացումով՝ հայկական շահերու տեսակէտէն ամէնէն նպատակայարմար նկատուած թեկնածուին՝ Պարաք Օպամային օգտին:
Նկատի ունեցէք, որ ձեր քուէն կարեւոր է, ձեր քուէն արժէք ունի: Մասնակցեցէք այս ժողովրդավարական հոյակապ գործընթացին: