ՈՒՐՄԻԱ, Պարսկաստան.- Սեպտեմբեր 23ի առաւօտեան ժամը 7:45ին հնչեցին Ուրմիոյ Հայոց ազգային Մասիհա դպրոցի զանգերը եւ անգամ մը եւս հայ աշակերտները իրարու մօտ գալով՝ կազմեցին 2008 ուսումնական տարեշրջանի իրենց աշակերտական ընտանիքը:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Անանիա աբղ. Գուճանեան, Ուրմիոյ Գործակալական խորհուրդի դպրոցի ներկայացուցիչ Գագիկ Յարութիւնեան եւ աշակերտներու ծնողներ, որոնք եկած էին իրենց զաւակները յանձնելու հայեցի դաստիարակութեան:
Տէրունական աղօթքէն ետք հայր սուրբը Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Նշան եպս. Թոփուզեանի անունով շնորհաւորական խօսքեր ուղղեց: Ապա, պարսկերէն լեզուով բոլոր ուսուցիչներուն բարիգալստեան խօսք արտասանեց Գործակալական խորհուրդի դպրոցի ներկայացուցիչը: