Առայժմ մենք ենք իրենց հիւրերը, մինչեւ որ արժանի ըլլանք տնեցի ըլլալու:
Անցեալ Հինգշաբթի օր «Ասպարէզ»-«Հորիզոն» կեդրոնատեղի այցելեցին Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Վիգէն քհնյ. Վասիլեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ բժ. Միսաք Պարսամեան, հոգաբարձութեան անդամներէն Զոհրապ Եարալեան եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովին Փոքրիկ Հայաստանէն ընտրուած անդամ Յարութիւն Պէշլեան:
Այցելութեան նպատակը «Ասպարէզ»-«Հորիզոն»ին բարի գալուստ ու յաջողութիւն մաղթելն էր:
Ընդունեցինք շնորհակալութեամբ:
Զրոյցը շարունակուեցաւ թերթի անմիջական եւ հեռակայ ծրագիրներուն շուրջ: Խմբագրութիւնը մանրամասնօրէն զեկուցեց իր ծրագիրներու մասին. Նոր Տարիէն ետք Փոքրիկ Հայաստանին նուիրուած շաբաթական ներդիրներ լոյս պիտի տեսնեն «Ասպարէզ»ի էջերէն, ամէն շաբաթ նոյն օրը՝ նուիրուած այս համայնքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն, ազգային կառոյցներուն, այստեղ գործող հասարակական գործիչներուն, արուեստագէտներուն, գործարար շրջանակին, առեւտուրի կեդրոններուն (նպարավաճառ, մսավաճառ, հացաբուլկեղէն, փուռ, քաղցրաւենիքներու, եւ այլն), ճաշարաններուն, մասնագիտական գրասենեակներուն, որոնց շարքին բժիշկներու եւ իրաւաբաններու:
Կազմակերպութիւններու պարագային ոչ մէկ խտրութիւն պիտի ըլլայ: Պիտի ներկայացնենք ազգին ծառայող, հաւաքական մեր կեանքին մասնակից բոլոր միութիւնները, առանց քաղաքական արեւելումի նկատառումներու:
Ներդիրի նպատակը պիտի ըլլայ հասարակութեան լայն խաւերուն ծանօթացնել Փոքրիկ Հայաստանը կազմող այս համայնքը, նպաստել թէ՛ կազմակերպութիւններու եւ թէ՛ տնտեսական շահ հետապնդողներու արդիւնաւէտ աշխատանքին:
Մենք խնդրեցինք մեր հիւրերուն աջակցութիւնը այս ծրագիրը իրականացնելու համար:
Շնորհակալութեամբ դրական պատասխան ստացանք ու արդէն գործնական առաջին քայլերը առնուեցան:
Փոքրիկ Հայաստանէն մենք պիտի անցնինք այլ շրջաններ, այլ համայնքներ՝ նոյն մօտեցումով, նոյն մաշտապով: