Սան Ֆրանսիսքոն իսկական քաղաք է: Լոս Անճելըս բնակողները կրնան հասկնալ, թէ ինչ կը նշանակէ քաղաք եւ ինչպէս կը տարբերի Սան Ֆրանսիսքոն իրենց շրջանէն՝ իր քաղաքատիպ, լայնատարած փռուածքով, քառակուսի կառոյցներով:
Երեքշաբթի երեկոյեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի երկու ընկերներու՝ Արամ Գալուստեանի եւ Յարութ Մանուկեանի հետ, Սան Ֆրանսիսքօ մեկնեցայ՝ ներկայ ու մասնակից ըլլալու համար նշանակելի իրադարձութեան մը: Ութ երիտասարդներ որոշած էին մտնել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը: Ամիսներ առաջ տասներեք էին անոնք, սակայն յարատեւողները ինը եղած էին, մէկը երկրէն դուրսն էր:
Դաշնակցութեան շարքերը անցնիլ, անշուշտ կը նշանակէ մասնակցիլ յատուկ ծէսի մը, երդման արարողութեան մը՝ դառնալով յանձնառու անդամ կուսակցութեան մը, որուն նշանաբանը ծառայել է հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին, պատրաստ ըլլալով ծառայութեան այդ ճամբուն վրայ սակարկութիւն չընելու:
Երդումը կ’առնէ վաստակաւոր կամ պատասխանատու ընկեր մը: Ազատ Ազատխանեանն էր այս պարագային արժանաւոր ընտրեալը: Ծէսին ներկայ ըլլալն ալ պարտաւորեցնող է. ի վերջոյ վկայ կը դառնաս յանձնառութեան խոստումի մը, որ նաեւ քուկդ եղած է ժամանակին եւ ահա կը յիշես, կը վերյիշես, որ այդ խոստումը տակաւին քուկդ է: Եւ Տակաւին շատ շատերու համար՝ ցկեանս է:
Ուրկէ՞ յայտնուեցան այս երդուողները: Մեր շրջապատէն, մեր ծանօթ-բարեկամներու շրջանակէն: Նաեւ կան նորեկներ, որոնց դաշնակցական տեղական կազմակերպութեան՝ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան անդամները ծանօթանալու առիթ ունեցած են, միեւնոյն ատեն՝ անոնց ծանօթացնելով Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան, գործելակերպին, պատմութեան, ներկայ քաղաքականութեան:
Այդպէս է: Դաշնակցութեան շարքերը մտնել փափաքողները պէտք է ներկայանան իրենց բնակած վայրի կուսակցական միաւորի անդամներուն, յայտնեն իրենց հետաքրքրութիւնը կուսակցութեան անդամակցելու վերաբերեալ եւ իրենց նախնական պատրաստակամութիւնը: Ատկէ ետք կը սկսի անդամակցութեան գործընթացը, որ կը տեւէ քանի մը ամիս, որուն ընթացքին կը խորանայ դիմորդի ծանօթացումը կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ կուսակցութեան անդամներու առաւել խոր ծանօթացումը դիմորդին: Գործընթացը ոչ մէկ ձեւով չի պարտաւորեցնէր դիմորդին: Մինչեւ երդումի վերջին պահը, դիմորդը կրնայ ետ կանգնիլ իր որոշումէն եւ որոշել մնալ կուսակցութենէն դուրս, իբրեւ բարեկամ, համակիր:
Սան Ֆրանսիսքոն հոյակապ քաղաք է: Այդ բոլորովին օտար, հազար ու մէկ հրապոյրներով լի քաղաքին մէջ, ութ երիտասարդներ կ’երդնուն ծառայել հայրենիքին ու հայ ժողովուրդի Դատին:
Մաղթանք: Արդիւնաւէտ եւ երկար տարիներու ծառայութիւն: