Ինչո՞ւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան որոշեց ժամանակաւորապէս (անորոշ ժամանակով) դադրեցնել ընդդիմութեան զանգուածային հաւաքներն ու երթերը:
Անցեալ Ուրբաթ, Մատենադարանին առջեւ Տէր Պետրոսեան տուաւ իր հիմնաւորումները, որոնք շատերու համար անհաւատալի կը թուին ըլլալ:
Մենք ալ ատիկա չհաւատացողներու շարքին ենք, անշո՛ւշտ: Չենք հաւատար, որովհետեւ անցեալին, Տէր Պետրոսեան երկրի կարեւորագոյն հարցերու լուծումը քաղաքական ուրիշ գործիչի վստահելու վարք երբե՛ք ցոյց չէ տուած, հետեւաբար, ինչո՞ւ հիմա ան պիտի օժանդակէ բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու, մանաւանդ իր նեմեսիսին՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որպէսզի, իր խօսքերով, ան Արեւմուտքի կողմէ ճնշումներու ենթարկուելու պարտադրանքին տակ չըլլայ ու կարենայ խուսանաւել Ղարաբաղի հարցով իրմէ պահանջուած զիջումներէն:
Շատեր, Տէր Պետրոսեանի այս քայլը կը նկատեն ճարպիկ մարտավարութիւն, որ կը մեկնի պարզ այն հաշուարկէն, թէ ընդդիմութիւնը թուլցած է, ինկած է անորոշութեանց ու տատամսումի գիրկը եւ ժամանակ պէտք ունի ճշդելու համար իր գործողութիւններու ծրագիրը:
Ամէն բեմէ ու ատեանէ վճռական ճակատումի ու անմիջական իշխանափոխութեան պահանջներու ընդդիմադիր գործիչներու մարտաշունչ յայտարարութիւններու լոյսին տակ, Տէր Պետրոսեանի այսպիսի նահանջը իսկապէս ծանրակշիռ վիճակի դրսեւորում կրնայ նկատուիլ:
Բայց իբրեւ այդ ճակատին հակադրուած կողմ, չարախնդալու առիթ չէ, որ կը փնտռենք, այլ մեր զարմանքը եւ գնահատումը կ’ուզենք արձանագրել ներկայացուած հիմնաւորումին կամ պատրուակին հանդէպ, որ մեր՝ դաշնակցականներու, դաւանած այզգային արժէքներու տեսանկիւնէն, նախապատուութիններու ճիշդ դասաւորում մը կը հրամցնէ լայն հասարակութեան: Այսինքն՝ մեր ազգին համար, այս հանգրուանին, կարեւորագոյն խնդիր է Արցախի հարցին բարենպաստ լուծում մը ապահովելը ու յանուն այդ նպատակին, պէտք է մեր այլ, ներքին բոլոր խնդիրները նկատուին երկրորդական: