Մեր փոխադրուելու պատմութիւնը հաւանաբար ձանձրացուց ձեզ: Այդ մասին չէ, որ պիտի անդրադառնանք այսօր: Իրականին մէջ, այս սիւնակէն ներկայացնելու համար մէկ այլ հարցի վերաբերեալ սկսուած ակնարկի նիւթը փոխուեցաւ՝ խմբագրատուն այցելած հին ընկերոջ մը՝ Ֆրէտ Վարդանեանին դառն մէկ խորհրդածութեան դրդումով:
Ուծացումի ու ձուլումի յաւերժական ցաւն էր, որ կ’ուզէր ընկերս կիսել հետս: Արեւմտեան կամ արեւելեան աշխարհները, ամէնուր բացի Հայաստան երկրէն, այս խնդիրը կայ, ամէն օր կը դիմագրաւենք, ամէն օր քիչ մը աւելի կը մաշինք, կը տկարանանք: Ճնշող այս գիտակցութիւնը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ մեր հաւաքականութիւնը, որ պարտաւորուած է գտնել լուծումը, առաջքը առնել նահանջին, փրկութեան լաստեր նետել բոլոր ընկղմողներուն…
Լուծումներու մասին ընդհանրական խօսքերն իսկ կրնան ժպիտ յառաջացնել աւելի իրապաշտ մարդոց շրջանակին մէջ: Եւ կարծէք իրապաշտներու թիւը օրէ օր կ’աճի, աւելի արագ քան՝ ձուլուողներունը, աւելի արագ քան օտարութեան գիրկին մէջ իրենց երջանկութիւնը գտած բազմութիւնը:
Ոչինչ: Այսօր դարձեալ այս խնդիրէն փախուստի ճամբայ մը կը փնտռեմ: Բան մը փրկելու յուսահատ ճիգ մը, ոչ թէ հայ մը փրկելու, ետ բերելու հայկականութեան գիրկ, ատիկա իմ ուժերէս շատ վեր կը թուի ըլլալ, սակայն՝ հայկական բան մը փրկելու փորձ մը, որ աւելի հնարաւոր կը թուի ըլլալ, աւելի իրապաշտ:
Սիրելիներ, ան որ անյոյս կը տեսնէ իր հայկականութեան ժառանգութեան փոխանցումը նոր սերունդին, իր յուսահատութեան, տխրութեան կամ նեղութեան մէկ պահուն, հայերէն գիրք կամ հայկական խորհրդանիշ կրող որեւէ առարկայ թափելու եւ անոնցմէ ձերբազատելու փորձութեան թող չենթարկուի: Գոնէ այդ ժառանգութիւնը փոխանցեցէք անոնց, ովքեր կ’արժեւորեն այդ բոլորը. փոխանցեցէ՛ք հայ կեդրոններուն, եկեղեցիներուն, ակումբներուն, միութիւններուն, ինչու չէ նաեւ՝ հայկական խմբագրութիւններուն եւ մեզի՝ «Ասպարէզ»ին…