Գրած էինք, որ «Ասպարէզ», իր հարիւրերորդ Նոր Տարին պատշաճօրէն նշելու առաջադրանքով, ծրագրած է յատուկ, գունաւոր հրատարակութիւն մը պատրաստել, ուր տեղ պիտի գտնեն Քալիֆորնիահայ կազմակերպութիւններու մասին տեղեկագրութիւններ:
Այս առաջադրանքը լուրջ խնդիր կը դնէ մեր առջեւ գտնելու եւ կապուելու ըստ հնարաւորինս շատ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի անոնց բացատրենք մեր ակնկալութիւնը մեր նախատեսած հրատարակութեան վերաբերեալ:
Կ’ուզենք շեշտել, որ որեւէ խտրականութիւն պիտի չըլլայ կազմակերպութիւններու միջեւ: Մեր դիմումը ուղղուած է բոլորին անխտիր, առանց դաւանանքի եւ կուսակցական թեքումի խտրութեան:
Հետեւաբար, սիրելի ընթերցողներ, եթէ հայկական կազմակերպութեան մը անդամ էք, կը խնդրենք այս գրութիւնը փոխանցէք ձեր պատկան վարչութեան եւ մղեցէք անոնց, որ ընդառաջեն մեզ: Ձեր կազմակերպութիւնը կրնայ ըլլալ մարզական, մշակութային, ընկերային, բարեսիրական, հայրենակցական, մասնագիտական, կամ այլ:
Նաեւ, դիւրացնելու համար աշխատանքը, կը ներկայացնենք մեր ակնկալած գրութեան բովանդակութեան հիմնական կէտերը. կը խնդրենք, որ այս յատուկ թիւին մէջ հրատարակելու համար վարչութիւնները ամփոփ տեղեկագիր մը պատրաստեն իրենց կազմակերպութեան մասին, նշելով՝
* Կազմակերպութեան նպատակը, աշխատանքներու ոլորտները (մշակութային, մարզական, ընկերային, եւ այլն)
* Անդամներու թիւը (կամաւոր)
* Վարչական կազմին անունները
* Անցեալ տարուան կարեւորագոյն իրագործումները
* Նկար մը՝ վարչական կազմին կամ ալ անցեալ տարուան կարեւորագոյն իրագործումը պատկերող
* Կապի տուեալներ, հեռաձայնի թիւ, համացանցի հասցէ, կայքէջ, եւ հասցէ
Նկատի ունենալով տեղի սղութիւնը՝ կը խնդրենք, որ գրութիւնները ըլլան ըստ հնարաւորինս ամփոփ: Կը խնդրենք նաեւ, որ գրութիւնները մեզի հասնին ամէնէն ուշը մինչեւ Նոյեմբեր 30, 2008:
Կ’ուզենք նաեւ այս առթիւ դիմել բոլորին, նաեւ բոլոր կազմակերպութիւններու վարչութիւններուն, որոնք ըստ իրենց հնարաւորութեան, հովանաւորեն այս հրատարակութիւնը:
Հովանաւորելու համար մէկ էջը կ’արժէ հինգ հարիւր տոլար, կէս էջը՝ $250, քառորդ էջը՝ $150:
Տեղեկագիրներու հրատարակութիւնը բնաւ կախեալ չէ հովանաւոր ըլլալու կամ չըլլալու որոշումէն:
Շնորհակալութիւն: