Չորեքշաբթի երեկոյեան կայացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուներ՝ հանրապետական Ճան ՄըքՔէյնի եւ դեմոկրատ Պարաք Օպամայի հրապարակային երրորդ եւ վերջին վէճ-ասուլիսը:
Ասուլիսը հազիւ վերջացած, զանգուածային լրատու գործակալութիւնները անմիջապէս սկսան հարցախոյզներ կատարելու ու անոնց արդիւնքները հրապարակելու՝ ճշդելու համար, թէ որ թեկնածուն այս ասուլիսին ընդմէջէն շահաւոր դուրս եկաւ՝ քուէարկողներու, մանաւանդ ցարդ չկողմնորոշուած զանգուածին մէջ բեկում մտցնելով, աւելի մեծ համեմատութիւն մը դէպի իրեն թեքելով:
Մեկնաբաններն ալ իրենց կարծիքը փոխանցեցին՝ ընդհանրապէս հաւատարիմ մնալով իրենց կուսակցական պատկանելիութեան, համակրանքին կամ նախասիրութեան, եւ դեմոկրատ Օպաման յաղթական նկատեցին, իսկ հանրապետականները՝ անշուշտ ՄըքՔէյնը:
Ես դեմոկրատ կը քուէարկեմ եւ ես ալ նախապաշարուած եմ յօգուտ Օպամային, նախ որովհետեւ հայկական հարցերու վերաբերեալ անոր մօտեցումները աւելի ընդունելի եղած են, ապա եւ երկրի ընկերային, տնտեսական (մանաւանդ տնտեսական) հարցերուն վերաբերեալ, իր դիրքորոշումները կը գտնեմ աւելի տրամաբանական, աւելի ժողովրդային, աւելի նպաստաւոր՝ աշխատող ու միջին դասակարգին համար, նոյն ՄըքՔէյնի մատնանշած փականագործ Ճօին համար ի՛սկ:
Հարկերու, առողջապահական ապահովագրութեան վերաբերեալ աւելի հաւաստի եւ իմ ապրուստիս ու եկամուտիս մակարդակը նկատի ունենալով՝ ես աւելի նպաստաւոր կը գտնեմ Օպամայի ծրագրային առաջարկները:
Վիճաբանութեան ընթացքին ես Օպաման գտայ հանգիստ, ինքնավստահ, հանդարտ ու համոզիչ: Նոյնը չեմ կրնար ըսել ՄըքՔէյնի մասին, որուն դէմքի անհանդարտ շարժումները ջղագրգիռ վիճակ մը կը մատնէին: Հանրապետական թեկնածուն իր ջղագրգռութիւնը յայտնեց նաեւ ցեխարձակումներու ընդմէջէն՝ փորձելով վարկաբեկել Օպաման անցեալի իր՝ իբրեւ թէ կասկածելի յարաբերութիւններու ճամբով:
Ցեխարձակումներով ընտրարշաւը յառաջ տանելու ՄըքՔէյնի մարտավարութիւնը ընդհանրապէս անընդունելի է ինծի համար:
Իմ եզրակացութիւնս այն է, որ Օպաման այս վիճաբանութենէն յաղթական դուրս եկաւ եւ աւելի ամրապնդեց վերջին շրջանի իր ապահոված առաւելութիւնը՝ յաչս քուէարկողներուն: