Ամերիկեան քաղաքական երանգապնակը իրար անցած է, գոյները խառնուած են իրարու: Աջը՝ յանձինս գործադիր իշխանութեան գլուխ կանգնած հանրապետականներուն, որոնց հաւատամքն ու դաւանանքը կը սկսէր շուկայի տիրապետութեան անքննելիութեամբ, շուկան կարգաւորելու ու փրկելու մասին կը խօսի, պետութեան, այսինքն՝ ժողովուրդին, կամ ինչպէս վարժ ենք ըսելու՝ տուրք վճարողներուս հաշւոյն աստղաբաշխական գումարներ պիտի տրամադրէ՝ փրկելու համար երկրի հզօրագոյն դրամատնային հիմնարկութիւնները, կամ պետականացնելով զանոնք՝ փրկելու նոյն ինքն շուկան, արժեթղթայինէն սկսեալ մինչեւ կալուածայինը:
Անշուշտ Միացեալ Նահանգներու եւ յատկապէս անոր Ներկայացուցիչներու տան մէջ ձախակողմեան ներկայութեան մասին խօսիլը անհեթեթ է, սակայն յարաբերաբար ձախ, դեմոկրատ ներկայացուցիչներու առարկութիւնները պետականացման գործընթացի ղեկավարման մէջ անորոշութիւններն են: Ինչպէ՞ս, ի՞նչ հիմունքներով պիտի կատարուին պետութեան վճարումները, ինչպէ՞ս պիտի կառավարուին պետականացուած կալուածներն ու հիմնարկութիւնները, ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուին հասարակութեան շահերը, ինչպէ՞ս պիտի կանխուին չարաշահումները, հարցեր են, որոնց պատասխանները չեն կրնար գոհացնել ո՛չ մասնագէտները եւ ո՛չ ալ շարքային քաղաքացիներս:
Ընդհակառակը, ժամանակը որքան անցնի, կարծես ծրագիրը առաջարկողներու ճամբարին մէջ ալ ճեղք մը կը ստեղծուի ու սկիզբի խանդավառութիւնը կը վերածուի վերապահութեան՝ կամաց-կամաց ստանալով աւելի հակառակորդի դիմագիծ:
Մէկ բան յստակ է: Այսօրուան իշխանութիւնները իրենց վարքագիծով, երկրի տնտեսութեան վիճակի մասին իրենց սխալ գնահատումներով, կորսնցուցած են իմ վստահութիւնս՝ իբրեւ ստեղծուած տագնապը լուծելու ատակ մարդիկ: Կրնամ ըսել, որ ես իրենց լուծումներուն չեմ կրնար վստահիլ: Կրնամ ըսել, որ իրենց լուծումները դարձեալ պիտի օգնեն միայն անոնց, որոնց չարաշահումներու կամ ապիկարութեան պատճառաւ, այս օրին հասանք: