Գրողները, իրեց արուեստագէտ էութեամբ, հասկնալի է, որ կ’ըլլան յախուռն, յուզական, դիւրագրգիռ: Միջազգային երեւոյթ է ասիկա՝ աշխարհի բոլոր ազգութիւններու գրողներուն վերաբերող:
Հայ գրողներն ալ բացառութիւն չեն կազմեր, ու իրենց այդ նկարագրային գիծերը պատճառ կ’ըլլան, որ հայկական գրական շրջանակներու մէջ, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք միշտ տիրապետէ ու կը շարունակէ տիրապետել փոխադարձ անհանդուրժողականութիւնը, անզիջող բանակռիւները, որոնք յաճախ հրապարակային այնպիսի տգեղ արտայայտութիւն կ’ունենան՝ բարոյալքում յառաջացնելով ընթերցասէր հասարակութեան մէջ:
Այս գրութեան շարժառիթը վերջերս յատկապէս սուր բնոյթ ստացած Հայաստանի գրողներուն կողմէ ստրորագրուած հրապարակումներն են, ուր վարկաբեկման փորձ կը կատարուի մէկ կամ այլ գրողի դէմ, անոնց վարքին ու բարքին վերաբերող խնդիրներով: Տխուր փաստ է, որ գրական այս կռիւը երբեք կապ չունի գրողներու ստեղծագործական աշխատանքին, անոնց գրական դաւանանքներուն, մօտեցումներուն, անոնց հետեւած դպրոցներուն, գրական ուղղութիւններուն:
Նման բանակռիւ ոչ միայն հետարքրական պիտի ըլլար, այլեւ կրնար իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ՝ ընթերցողներու հիասթափած զանգուածները վերստին գիրքի ու գրականութեան աշխարհ հրապուրելու:
Կռուողները երկու բեւեռներու շուրջ կարծես հաւաքուած են: Մէկ կողմը կը ղեկավարէ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, միւս կողմը՝ «Նոր Դար» գրական հանդէսի խմբագիր Աբգար Ափինեան: Կռիւի բուն պատճառը չենք կրնար հասկնալ: Կրնայ ըլլալ Գրողներու միութեան ղեկավարի պաշտօնի պահպանման կամ անոր տիրանալու փորձի անուղղակի հետեւանք է այս կռիւը, սակայն, կրնայ ըլլալ նաեւ՝ տարեկան գրական մրցանակաբաշխութեանց գործընթացին վրայ ազդեցութիւններու ճակատում, վերջապէս այդտեղ կայ փառք ու պատիւի, նաեւ՝ դրամական նուէրի հարց, որ կրնայ մարդոց կիրքերը բորբոքել, կրնայ զանոնք հասցնել մարտի:
Յամենայնդէպս, ինչ ալ ըլլայ կռուախնձորը, գրողներուն վայել չէ մանր հարցերու համար տգեղ բառակոյտերու տակ դնել իրենց ստորագրութիւնները: Ափսո՛ս է: