Հայկական իրականութեան մէջ, Հայաստանի թէ արտերկրի մէջ, միասնականութիւնը՝ յատկապէս համազգային ծրագիրներու, նպատակներու ու ձեռնարկներու շուրջ, օդի եւ ջուրի պէս անհրաժեշտ է:
Միասնականութեան բարիքներուն մասին խօսիլը աւելորդ կրնայ ըլլալ, բայց եւ այնպէս, պէտք է ընդգծել, որ անոր ստեղծած մթնոլորտը, հաւանաբար, ամէնէն ուժեղ երաշխիքը կրնայ ըլլալ որեւէ ձեռնարկի բարոյական եւ նիւթական յաջողութեան:
Միասնականութեան պահպանումը քաղաքական եւ ընկերային բարդ իրականութեան մէջ, այնքան ալ դիւրին գործ չէ, եւ կը պահանջէ բազմակողմանի, աւելի ճիշդը՝ խնդրոյ առարկայ ձեռնարկներուն, ծրագիրներուն ու նպատակներու հետ առնչուող բոլոր կողմերու հաւասար բծախնդրութիւնը, նախանձախնդրութիւնը, գիտակից ճիգը՝ ուրիշներու զգայնութիւնները յարգելու եւ զանոնք անտեղիօրէն չվիրաւորելու ուղղութեամբ:
Կան անշուշտ ընդհանուր նպատակներ ու ծրագիրներ, որոնց պարագային որեւէ վիրաւորանք չի կրնար արդարացնել նեղացածութիւն ու խռովութիւն:
Սակայն, մարդկայնօրէն, վիրաւորանքի ու նեղացածութեան յառաջացուցած հոգեկան տուայտանքը կը կոտրէ ամէն թափ, կը բարոյալքէ ամէն խանդ ու ոգեւորութիւն, եւ անպայմանօրէն կ’ունենայ իր բացասական ազդեցութիւնը հասարակութեան առնուազն որոշ խաւի մը վրայ՝ մեծապէս կամ փոքրիկ չափով նսեմացնելով գործին արդիւնքները:
Եթէ հնարաւոր է, պէտք է ամէն գնով խուսափիլ նման պայման ստեղծելէ:
Միասնական ծրագրի իրականացման պատասխանատուները պարտաւոր են աչալուրջ ըլլալ, որպէսզի իրենց վստահուած գործին առաւելագոյն յաջողութեան համար պայմաններ ստեղծեն եւ վիճելի երեւոյթները, ըստ հնարաւորինս, համերաշխութեամբ լուծեն: