Չեմ ալ գիտեր եթէ կարելի է այս բառին գոյութեան իրաւունք տալ: Բայց ցաւ մըն էր, որուն արտայայտութիւնը նկատեցի «Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի տնօրէնին դէմքին:
Գրութիւնս Թարգմանչաց տօնին հետ կապ ունի միայն այնքան, որ հիասքանչի ճակատագրին մասին անդրադարձ մըն է:
Ծնողական տարիներու անտեսուած պարտականութիւն մը զիս տարած էր վարժարան: Ուսուցիչներու հետ հանդիպումի հրաւէր էր: Տնօրէնը՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, ներկայացուց ուսուցչական կազմը, տարբեր ամպիոնները, որոնց շարքին՝ հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի ամպիոնը:
Տնօրէնը զուսպ ու նրբանկատ ներկայացուց որոշ ծնողներու առարկութիւնները՝ հայերէն լեզուի ու հայոց պատմութեան դասաւանդման ստեղծած «ծանրաբեռնութեան» կապակցութեամբ:
Տնօրէնին դէմքը դարձեալ: Անհեթեթ վիճակի դրոշմն է: Հայկական ազգային վարժարան եւ հայերէն լեզուի ու հայոց պատմութեան դասաւանդումի դէմ բողոք: Աւելի լաւ հայի մրցում չէ որ պիտի ընենք այստեղ: Իւրաքանչիւր հայ ծնողք, որ իր զաւակը հայկական վարժարան կ’ուղարկէ, զոհողութիւն յանձն կ’առնէ եւ արդէն ապացուցած կ’ըլլայ իր գնահատումը հայ մշակոյթին ու հայկական միջավայրին, թերեւս երկրորդին աւելի շատ, քան առաջինին, բայց եւ այնպէս չ’արժեր այդ հարցին վրայ կեդրոնանալ:
Ծնողական այս հանդիպումին մասնակիցները այդ մասին չարտայայտուեցան: Բաւարարուեցան տնօրէնին պատասխանով, թէ ըստ էութեան կը յստակացներ, որ շէնքը, որուն մէջ ենք, հայկական ազգային վարժարան է, ուր (կրկնակի ժխտականներով) կարելի չէ հայերէն լեզու ու պատմութիւն չուսուցանել: Ամէն մարդ ալ ազատ է իր երեխային կրթութիւնը ի՛ր ուզած ձեւով ապահովելու՝ համապատասխան դպրոցը գտնելով ու առաքելով զաւակը:
Թարգմանչաց տօն է: Մեր փառաւոր մշակութային հարստութեամբ հպարտանալու առիթ:
Եկէ՛ք ցաւը դուրս բերենք ու միայն տօնենք թարգմանիչներու սխրանքը, անոնց հանճարի թռիչքը, որ դարերու խորքէն հասած է մեզի ու դեռ շատ դարեր պիտի շարունակէ սաւառնիլ այս երկինքին տակ: