Հայաստանի նախագահին «ֆութպոլային» հրաւէրով սկսած եւ Թուրքիոյ նախագահին Երեւան այցելութեամբ հունի մէջ մտած դիւանագիտական «եռուզեռ»ը կը շարունակուի։ Յատկապէս թրքական կողմը մեծ աշխուժութեամբ կը շարունակէ թափ տալ դիւանագիտական իր շփումներուն՝ զոյգ ուղղութիւններով։
Մէկ կողմէ՝ կ’աշխատի իր ներքին ընդդիմախօսներուն եւ Ատրպէյճանի օրինակով իր գործակիցներուն «միտքը հանգստացնել», թէ մտահոգուելու պէտք չունին…
Իսկ միւս կողմէ՝ Եւրոպայի եւ Մ. Նահանգներու ղեկավար շրջանակներուն մօտ կը փորձէ ամրապնդել այն տպաւորութիւնը, որ տեսէ՜ք՝ Թուրքիա շատ լուրջ եւ անկեղծ է Հայաստանի ու հայութեան հետ իր «ձեռնարկած» մերձեցման ու հաշտութեան նորովի քաղաքականութեան մէջ։
Թէեւ ամէնքն ալ գիտեն, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական կամրջումի ներկայ հանգրուանին նախաձեռնողը անվիճելիօրէն Հայաստանի նախագահն է, բայց թրքական կողմը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որպէսզի իրեն վերապահէ մինչեւ «ֆութպոլային հանդիպում»ը կատարուած սկզբնական շփումներուն եւ Կիւլի այցելութենէն ետք ալ շարունակուած կապերուն նախաձեռնողի առաւելութիւնն ու վարկանիշը։
Յատկապէս ուշագրաւ է նոյն այս ժամանակաշրջանին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական կապերուն աշխուժացումը, որուն տուն տուող պատճառներուն բացատրութիւնը դժուար չէ գտնել, առնուազն՝ ենթադրել։ Վրաստանի մէջ եւ շուրջ պատահած ծանրակշիռ իրադարձութիւններու լոյսին տակ, հասկնալիօրէն իրարու հետ խօսելու եւ քննարկելու շատ բան ունին շրջանի երկու կարեւորագոյն ուժերը հանդիսացող Ռուսիան ու Թուրքիան։
Թէ տարածաշրջանի այս մեծ ուժերը ի՞նչ կը բանին, միայն ժամանակը կրնայ պարզել։ Մինչ այդ, սակայն, գուշակելու ընդունակութեան պէտք չկայ՝ անդրադառնալու համար, որ Հայաստանն ու հայութիւնը եւս, անկասկած, իրենց մորթին վրայ պիտի զգան Ռուսիա-Թուրքիա բանակցութեանց անդրադարձները, դրական ըլլան անոնք թէ բացասական… Այս առումով յատկանշական է, որ ճիշդ նոյն օրերուն Հայկական Հարցին եւ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ վարած պետական ժխտումի ու թշնամանքի քաղաքականութիւնը դատապարտող ձայն բարձրացաւ Մոսկուայի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպանին՝ Վոլքան Վուրալի կողմէ։
Թուրք դեսպանի այդ յայտարարութեանց անդրադարձաւ, Սեպտեմբեր 9ին, հայաստանեան լրատու «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը, որ ամփոփ թղթակցութիւն մը տարածեց թրքական «Թարաֆ» թերթի թղթակցին կողմէ Խորհրդային Միութեան փլուզման ժամանակ Մոսկուայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանի պաշտօնը վարած դիւանագէտին հետ։ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան եւ դիւանագիտական խոհանոցին քաջածանօթ դէմք է Վուրալ, որ ոչ-պատահականօրէն այս օրերուն ձայն կը բարձրացնէ՝ շեշտելու համար, որ Թուրքիա պէտք է փոխէ իր քաղաքական վարքագիծը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ՝ «անցեալի Ցաւալի իրադարձութիւններուն» համար անյապաղ ներողութիւն խնդրելով հայ ժողովուրդէն, նաեւ՝ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրած եւ նմանօրինակ խժդժութեանց ենթարկուած բոլոր ժողովուրդներէն։
Կարիքը չկայ կէտ առ կէտ ներկայացնելու դեսպան Վուրալի միտքերը, որովհետեւ ընթերցողը վստահաբար կարդացած է «Արմէնփրէս»ի թղթակցութիւնը, որ հրատարակուեցաւ մեր թերթի եւ ընդհանրապէս հայկական մամուլի էջերուն։ Բայց անպայման կարիքը կայ անդրադառնալու թուրք դիւանագէտին տրամաբանութիւնը առաջնորդող երկու կարեւոր շեշտադրումներու.
Առաջինը՝ դատապարտումն է Հայաստանի հետ սահմանը փակելու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու Անգարայի 1990ականներու քաղաքականութեան. Վուրալ համոզուած է, որ ոչ միայն Հայաստանն ու հայութիւնը, այլեւ Թուրքիան ու թուրքերը տուժեցին այդ սխալ քաղաքականութեան հետեւանքով։
Երկրորդը՝ տարակարծութիւնն է Անգարայի այժմու ղեկավարութեան այն տեսակէտին հետ, որ կ’առաջադրէ հայեւթուրք պատմաբաններու խառն յանձնաժողովի մը վստահիլ պատմական ճշմարտութեան յայտնաբերումը եւ պատահածին արժեւորումը։ Վուրալ տրամագծօրէն հակառակ կարծիքին է. կ’առաջարկէ քաղաքական կամք դրսեւորել եւ պետական այրերով կատարել պատմութեան այդ սեւ էջին արժեւորումը, ինչ որ անկասկած քաղաքական մեծ վտանգի կ’ենթարկէ զոյգ երկիրներու ղեկավարները (Վուրալ այդ քաղաքականութեան «զոհ» կը հռչակէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, որ իր նախագահութեան օրերուն մինչեւ իսկ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն դուրս մղեց Հայկական Հարցը)։
Ուշագրաւ է, որ հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու առաջարկով հանդէս եկող թուրք դիւանագէտը չի խօսիր հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը իբրեւ այդպիսին ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին։ Համոզումով կը պնդէ, որ Հայաստանի հետ սահմանի բացումով եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումով կատարուած հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու քայլը մեծապէս կ’ամրապնդէ Թուրքիոյ դիրքերը՝ յաչս միջազգային հանրութեան եւ մեծապետական ուժերուն։
Վուրալի եզրակացութիւնը մէկ ու միակ է. Թուրքիա հետամուտ պէտք է ըլլայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ բնաւ պէտք չէ ծանրանայ Ցեղասպանութեան հարցին վրայ:
Եւ ճիշդ այս կէտին վրայ Մոսկուայի մօտ Թուրքիոյ երբեմնի դեսպանը ակամայ կը խոստովանի ընդհանրապէս Թուրքիոյ պետական տրամաբանութիւնը հունաւորող մօտեցումը. Վուրալ բառացիօրէն կ’ըսէ. «Թէեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն զարգացումը ամբողջութեամբ մէկ կողմ չի նետեր Ցեղասպանութեան պնդումները, սակայն օգտակար կ’ըլլայ անցեալին տեղի ունեցած ցաւալի իրադարձութիւններուն հոգեբանական յաղթահարումին: Պէտք է կարենալ տարբերել հռետորութիւնը՝ կեանքի իրողութենէն: Արդեօք հնարաւո՞ր է հող խլել Թուրքիայէն, այն պարագային, երբ թուրքերը Հայաստանի բնակչութեան չափ զինուած ուժեր ունին»… Այսպէ՛ս, ուրեմն:
Թուրքիա շատոնց ճշդած է այն սահմանագիծը, որմէ անդին պատրաստ չէ անցնելու Հայկական Հարցին եւ հայեւթուրք յարաբերութեանց վերաբերեալ իր զիջումներուն մէջ, անշուշտ եթէ կարելի է զիջում համարել սահմանի բացումը, դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատումը եւ մինչեւ իսկ հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելը… Նոյնիսկ Վուրալի օրինակով դիւանագիտական ճկունութիւն ցուցաբերող թուրք պետական մտածողութիւնը պատրաստ չէ դոյզն քաղաքական հատուցումն իսկ տալու հայ ժողովուրդին։
Առաւելագոյնը, որ իբրեւ քաղաքական հատուցում ընկալելի է Վուրալներու թրքական տրամաբանութեան մէջ, տեղահանուած ու կոտորուած հայերու եւ այլ ժողովուրդներու վերապրողներուն արտօնելն է, որ՝ «վերադառնան իրենց նախնիներու բնակավայրերը եւ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ստանան»…
Զարմանալու պատճառ չկայ. չէ՞ որ Վուրալներն անգամ հիւանդագին կը տրամաբանեն, թէ Հայաստանի բնակչութեան համրանքին չափ զինուած ուժեր ունի թրքական բանակը։