Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի հետ երէկ Ստեփանակերտի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդգծած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ծիրէն ներս ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի ձեւաչափը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահը շեշտած է Ղարաբաղի՝ իբրեւ բանակցային գործընթացի լիիրաւ մասնակիցի, կարգավիճակին անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ անհրաժեշտ քայլ՝ խաղաղ կարգաւորման համար, որուն մէջ մեծ դեր կրնայ խաղալ Եւրոպան եւ յատկապէս՝ Ֆրանսան:
Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, պատասխանելով նոր ձեւաւորուած պետութիւններու ճանաչման վերաբերող հարցին՝ Ֆասիէ յայտնած է. «Ճանաչումը կախուած է շատ գործօններից: Անհրաժեշտ է մանրակրկիտ գնահատել իւրաքանչիւր իրավիճակ, դրա առանձին տեսանկիւնները»:
Նոյն օրը, Ֆասիէ հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Ս. Սարգսեանին հետ: Ըստ նախագահի մամլոյ գրասենեակին, հանդիպման օրակարգին վրայ հիմնական թեմաները եղած են ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը եւ տարածաշրջանի վերջին զարգացումները: