Երկուշաբթի օր Նաւասարդ էր: Եթէ այդ օր թերթ լոյս տեսնէր, այս սիւնակով պէտք է շնորհաւորէինք մեր ազգային հնագոյն՝ Նաւասարդեան տօնը:
Վաղն ալ «Ասպարէզ»ի ծնունդն է, հարիւրերորդը: Շնորհաւոր ըլլայ:
Վաղուան «Ասպարէզ»ի թիւը նուիրուած պիտի ըլլայ այդ տարեդարձին:
Յատուկ թիւ մը պիտի ըլլայ, ուր լոյս պիտի տեսնեն Հայաստանի նախագահի, Ամենայն Հայոց Հայրապետի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի, Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի, շրջանիս Էջմիածնական եւ Կիլիկիան թեմերու Առաջնորդ հայրերու, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսի, Լոս Անճելըսի եւ սփիւռքի հայ մամուլի ներկայացուցիչներու, աշխատակիցներու ու բարեկամներու շնորհաւորանքները:
Այս թիւին մէջ լոյս պիտի տեսնեն նաեւ «Ասպարէզ»եան կեանքէն յուշերու ընդհանրապէս հայ մամուլի եւ մասնաւորապէս «Ասպարէզ»ի դերի մասին վերլուծումներ:
Այս համարին մէջ պիտի սկսինք հրատարակել ու նաեւ ցանկը այն բոլոր անձերուն, որոնք սատարելու համար «Ասպարէզ»ի առաքելութեան, ընդառաջեցին մեր կոչին ու իրենց հարիւր տոլարի նուիրատուութեամբ մասնակցեցան հարիւրամեակի առթիւ հանգանակութեան արշաւին:
Արշաւը տակաւին կը շարունակուի՝ հասնելու համար հարիւր հազարի նշանակուած թիրախին:
Ուրբաթ օրուան թիւով կը թեւակոխենք նոր հարիւրամեակը:
Շնորհակալութիւն մեր կողքին կանգնողներուն, մեզ հաւատացողներուն, մեզ զօրակցողներուն: