«Ասպարէզ» գունաւոր, գունազարդ հրատարակութիւն չէ: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, որ տժգոյն թերթ է, արտաքինով անհրապոյր, գիրերու տեսակով ու ընթեռնելիութեամբ ոչ այնքան դիւրին, մանաւանդ մեր համայնքի այն մասին համար, որ նոր ուղղագրութեան վարժուած է, Մեսրոպեան ուղղագրութեան իր ծանօթացումը եղած է նոյն «Ասպարէզ»ի էջերէն:
Բացի ուղղագրութենէն, ուր որեւէ զիջում «Ասպարէզ»ի կողմէ անկարելի է պատկերացնել, միւս թերութիւնները խմբագրական կազմը պարտաւոր է վերացնել: Զոհողութիւն, քրտինք, աշխատանք, նիւթական միջոցներ, մասնագիտական կարողութիւն, այս ամէնը խմբագրութեան պարտաւորութիւններն են, այլ ոչ թէ բաժանորդներուն համար շնորհներ, որոնք կրնան ըլլալ կամ չըլլալ: Չըլլալը՝ ընդունելի չէ, լուրջ չէ որեւէ հաստատութեան համար, ալ ո՛ւր մնաց մրցունակ ըլլալու պարտաւորութիւնը ունեցող լրատու հրատարակութեան մը:
Առեղծուածայինը այն է, որ այս թերթը այսպիսի պայմաններով իսկ դիմացած է, շարունակած է անխափան կերպով եւ կրնայ շարունակել նոյն հետեւողականութեամբ: Այդ՝ շնորհիւ ընթերցողներու, բաժանորդներու զոհողութեան, քրտինքին, հասկացողութեան, հանդուրժողականութեան, նաեւ հովանաւորող կազմակերպութեան՝ Հ.Յ. Դաշնակցութեան անդրդուելի յանձնառութեան:
Խմբագրութեան կը մնայ գոյն ապահովել, թերթը արտաքնապէս եւ բովանդակութեամբ հրապուրիչ դարձնել, ընթեռնելի գրանիշեր գտնել, իր առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարելու մակարդակ ապահովել: Պարտաւորութիւն է ասիկա, այլ ոչ խոստում, կամ շնորհ: