Մասնագիտացած մանկավարժ եւ ուսուցիչ, Հ.Յ.Դ. հրատարակչական կառոյցի, «Դրօշակ»ի խմբագրական կազմի, մամլոյ դիւանի պատասխանատուներէն՝ յունահայ գաղութի մտաւորական անդամներէն ընկ. Յարութիւն Քիւրքճեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի մէջ կայացած Համահայկական Կրթական Գ. Խորհրդաժողովին: Ան ներկայիս կը զբաղի մանկավարժական գիրքերու հեղինակութեամբ՝ հարուստ գործունէութիւն ներկայացուցած ըլլալով հայ գրական աշխարհէն ներս: Համահայկական Կրթական Գ. Խորհրդաժողովին մասնակցութեան առիթով, «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը դիմած է իրեն, որպէսզի ան ընթերցողներուն ներկայացնէ իր տպաւորութիւններն ու մտածումները:
«Նոր անկախութեան առաջին հնգամեակին տիրած մշակութային-կրթական անտիրութիւնը վերջ գտած է, եւ անցնող տասնամեակը կը տեսնէ աստիճանական կազմակերպումը այդ համակարգին»:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Համահայակական կրթական երրորդ խորհրդաժողովը եւ իր օրակարգերէն ի յայտ եկած հարցերը:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.-Խորհրդաժողովները յաճախ մեր մէջ, եւ լաւագոյն պարագային, կարծիքներու, տեսակէտներու լսարան են, ու հազուադէպօրէն կը յանգին գործնական արդիւնքի…: Բայց համահայկական կրթական երրորդ խորհրդաժողովը, իմ ե՛ւ մեծ թիւով մասնակիցներու տպաւորութեամբ, կը գերազանցէր այդ ընթացիկ որակը եւ ապարդիւնութիւնը՝ գործի տեսակէտէ: Թէ՛ կազմակերպումի ոճը, թէ՛ քննարկումներու ընթացքը, եւ թէ՛ եզրափակիչ բանաձեւը ղեկավարուած էին զգալի միտումով դէպի գործ, դէպի արդիւնաւէտութիւն: Ասիկա ինծի համար զգալի էր յատկապէս ուսուցիչներու պատրաստման/վերապատրաստման նիւթի պարագային, կամ ինչ կը վերաբերի «Հայեցի կրթութեան սահմաններու ընդարձակում» բնորոշման տակ ինկող առաջադրանքներու շարքին: Այս վերջինին մասին կը խօսինք դեռ… Ճիշդ է, տարբեր տիպի գաղթօճախներու (աւանդական Սփիւռքէն մինչեւ ԱՊՀ ու եւրո-ամերիկեան նոր սփիւռքներ) անխուսափելի ընդգրկումը քննարկումները երբեմն կը տանէր ցրւումի. բայց ցրւումի այս գործօնը օգտակար կրնայ ըլլայ նաեւ, եթէ նորաստեղծ գաղթօճախներ չափով մը կողմնորոշուին՝ օգտուելով մեր աւանդական Սփիւռքի անցեալ փորձէն:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».-Իրողութիւն է Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միջեւ առկայ ձեւերու եւ կառոյցներու տարբերութիւնը: Եւ մանաւանդ՝ ուղղագրութեանց տարբերութիւնը, որ երբեմն շփոթի կը մատնէ մեզ բոլորս, եւ մնայուն կերպով կը տագնապեցնէ մեզ: Երկար արծարծուած այս հարցի մասին կա՞ն նոր զարգացումներ…
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Արեւելահայերէնի եւ Արեւմտահայերէնի միջեւ քերականական կառոյցի տարբերութիւնները, ինչպէս գիտենք, պատմական պայմաններու բերմամբ գոյացած տարբերութիւններ են. ճիշդ չէ անոնց համար մտահոգուիլը, քանի նուազագոյն ճիգով կարելի է հասկցուիլ մէկ ճիւղէն միւսը:
Ասկէ դուրս՝ կան միւս տարբերութիւնները.- նախ՝ հնչաբանականները: Եռաստիճան կոչուած բաղաձայններու շարքերու հնչումին համար՝ մեր Արեւմտահայերէնը կորսնցուցած է գրաբարի նրբութիւնները, մինչ Արեւելահայերէնը կը պահէ զանոնք. խօսքս բ-պ-փ, գ-կ-ք, դ-տ-թ, ծ-ձ-ց եւ ճ-ջ-չ շարքերուն մասին է: Թերեւս, Հայաստանի հետ յարաճուն շփումով, մեր Արեւմտահայերէնը աստիճանաբար վերագտնէ այդ նրբութիւնները: Բայց ասիկա ոչ փափաքով կ՛ըլլայ, ոչ ալ ըսելով ու կրկնելով. խօսուող լեզուն կենդանի օրկանիզմ է, եւ ունի զարգացման եւ հոլովոյթի իր յատուկ կարգը, իր կեա՛նքը:
Ուրիշ տարբերութիւն, որուն անդրադարձաք հիմա, ուղղագրութիւններու տարբերութիւնն է: Այս պարագային՝ Արեւելահայերէնն է որ կորսնցուցած է ճիշդ ուղին, աւելի ճիշդ հայրենի՛ Արեւելահայերէնը (Իրանի մէջ Արեւելահայերէնը կը գրուի մաշտոցեան ուղղագրութեամբ, ինչպէս մեր մօտ): Եւ կորսնցուցած է ո՛չ բնական հոլովոյթի բերմամբ, այլ խորհրդային հրամանագրով, որ կը ձգտէր հայ այբուբենը փոխարինել ռուսականով կամ լատինականով: Ծրագիրը ձախողեցաւ, նոյնիսկ մասնակի ետդարձ մը եղաւ, բայց Աբեղեանի անունով -մասամբ անարդարօրէն- մկրտուած հայրենի «ուղղագրութիւնը» մնաց իր տեղը: Երէկ՝ խորհրդային գաղափարախօսական ճնշումի, իսկ այսօր սովորամոլական իներցիայի բերումով: Բայց վերադարձի կարելիութիւնը միշտ կը մնայ, քանի եղածը ար- ւեստական փոփոխութիւն է, ոչ լեզուի բնական ընթացքը: Կարելիութենէն առաջ կայ ե՛ւ վերադարձի կարիքը, հրամայակա՛նը. այդ «ուղղագրութիւնը» արգելք է ու պատնէշ՝ հայրենի լեզուական-գրական ներկայ մշակոյթի եւ Հայերէնի արմատական բառագանձի միջեւ, իր մուծած փոփոխութիւններով եւ ստեղծած բազում շփոթներով: Անիկա նաեւ արգելք է օգտակար հաղորդակցութեան՝ մեր երկու լեզուաճիւղերուն միջեւ՝ յատկապէս կրթական համակարգէն ներս գործակցութեան…
Ուղղագրական վերամիացման հարցը յատուկ քննարկման նիւթ պէտք է դառնայ. ճշդուի դասական ուղղագրութեան այն տարբերակը, որուն շուրջ պիտի ըլլայ միացումը (փոքր տարբերութիւններ կան մեր Արեւմտահայերէնի եւ, օրինակ, իրանահայութեան կիրարկած գրելաձեւերուն միջեւ): Ապա, դասականի վերադարձի սկզբունքին շուրջ միանուագ եւ կտրուկ համաձայնութենէ մը ետք՝ պէտք է կատարուի ժամանակային ծրագրում, ճշդուին հանգրուաններ – քանի ճիշդ է, որ մէկ օրէ միւսը միակտուր ետդարձ մը դժուարութիւններու ստեղծող է: Կարճ. կը տեսնենք, որ հարցը հոս աւելի մանրամասնելու տեղը չէ… Աւելցնեմ միայն, որ հայրենի մտաւորականութեան եւ ակադեմական շրջանակներու մէջ կայ որոշ հասկացողութիւն, եւ ըստ անձի՝ աւելի կամ նուազ զգայնութիւն՝ վերամիացման անհրաժեշտութեան հարցին հանդէպ: Կտրուկ հակադրուողները նուազ կ’երեւին, քան երէկ. շատ կը խօսուի «գործնական դժուարութիւնների», «առաւել կարեւոր հարցերի», ուրիշ առաջնահերթութիւններու մասին: Դժբախտաբար միացման ջատագովներն ալ, ներսի թէ դուրսի, միշտ չէ որ հասուն կեցուածք կը ցուցաբերեն:
Անվիճելի է, որ հարցը կենսական է եւ «դժուարութիւնները»՝ յաղթահարելի – եթէ ըլլան մէկ կողմէ կամեցողութիւն, եւ միւս կողմէ՝ հասուն իրաւախոհական մօտեցում:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».-Հայրենի կրթական համակարգին մէջ կանոնաւորաբար կ’իրագործուի՞ն մանկավարժական հրատարակութիւններ, յատկապէս դասագիրքեր. գոհացուցի՞չ է անոնց որակը. եւ ի՞նչ է կրթութեան նախարարութեան դերը ատոր մէջ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Հայրենի կրթական համակարգին մէջ, ըլլայ նախարարութեան հովանիին տակ, ըլլայ անոր առընթեր անկախ նախաձեռնութիւններով, վերջին տասնամեակին լոյս տեսած են հայ գրականութեան եւ հայոց լեզուի դասագիրքերու շարքեր (ասոնցմէ երկրորդով՝ պիտի հասկնանք մեր Քերականութիւնը): Յիշատակեմ միայն իմ տեսածներէս՝ Ա. Եղիազարեան-Զ. Գրիգորեանի եւ Հ. Բախչինեանի հայ գրականութեան շարքերը, Չահուկեանի եւ Խղլաթեանի հովանաւորած կամ/եւ խմբագրած քերականութիւնները, ակադեմիկոս Վ. Բարխուդարեանի խմբագրած Հայոց պատմութեան դասագիրքերը:
Դուրսէն դիտողին համար երբեմն դժուար է զանազանել նախարարութեան նախաձեռնութիւն եւ անկախ նախաձեռնութիւն. այսպէս՝ դասագիրքերու որոշ շարքերու կրած «Հաստատուած ՀՀ Կրթական Նախարարութեան կողմից» արձանագրութեան ճիշդ իմաստը…: Բնականաբար, կան նաեւ հայոց պատմութեան, նաեւ գիտական նիւթերու վերաբերող հրատարակութիւններ:
Նոյնը՝ դպրոցական օժանդակ հրատարակութիւններու պարագային. նախարարութեան առընթեր նախաձեռնութիւն մըն է «Զանգակ 97» հրատարակչականը, որ օժանդակ ընթերցարաններու, խտասալիկներու (CD) եւն. ամբողջ շարք մը ունի հրապարակի վրայ: Կան նաեւ այլ նմանօրինակ նախաձեռնողներ, որոնց կ’արժէ եւ պէտք է ծանօթանալ: Այս բոլորը անշուշտ, առայժմ մեզի համար չեն, ճի՛շդ իրենց կիրարկած խորհրդային «ուղղագրութեան» պատճառով… Խորհրդաժողովին մէջ դրուեցաւ պահանջը, եւ հաւանօրէն բանաձեւի ալ անցաւ, նոյնպիսի հրատարակութիւններ կատարել զուգահեռաբար դասական-մաշտոցեան ուղղագրութեամբ: Կը մնայ յուսալ, որ գործի հետագայ ընթացքը արդարացնէ -ե՛ւ գերազանցէ- վերջին խորհրդաժողովի արթնցուցած յոյսերը, մնայ համապատասխան՝ համահայկական տեսիլներու թելադրանքին:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».-Ինչ կը վերաբերի յունահայ մեր համայնքին, կրնանք հաստատել, թէ շօշափելի գործունէութիւն չկայ ո՛չ որակաւոր մարդուժի պատրաստման, ո՛չ մանկապատանեկան հրատարակութիւններու (գիրք, տեսաերիզ, թուայնացած-ելեկտրոնիկ խտասալիկներ կամ այլ…) տեսակէտներէ: Ի՞նչ է կացութիւնը այլ գաղութներու մէջ: Եւ Հայաստանի պարագայի՞ն…
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Ճի՛շդ հաստատում…: Մենք աւելի իրաւունք պիտի ունենանք պահանջներ կամ ակնկալութիւններ բանաձեւելու, երբ՝ իբր յունահայ համայնք՝ գոնէ մեր համրանքին եւ կարողականութեան համապատասխան արժէք ու աշխատանք ստեղծենք, յատկապէս ձեր նշած մարզերուն մէջ – որակաւոր մարդուժի պատրաստում, ծրագրուած հրատարակչական աշխատանք: Չկայ. եղածն ալ՝ կամ պատահական է, կամ համայնքի լուսանցքին վրայ՝ լրիւ անտեսուած՝ կը վերապրի իբր անհատական նախաձեռնութիւն…:
Մարդուժի պատրաստման հարցը կը գտնուի տխուր վիճակի մէջ, այսօր նաեւ համասփիւռքեան չափանիշներով: Հիմնարկներ փակուեցան, ուրիշներ՝ կը շարունակեն կիս-կատար գոյութիւն մը: Կան համալսարանական բազմաթիւ ամպիոններ կամ դասընթացքներ – բայց՝ նոյնիսկ երբեմն որակաւոր՝ ատոնք ուսուցչական մարդուժի պատրաստման վայրեր չեն: Կը պակսի մանաւանդ ամբողջական ծրագրումով, որակաւոր աշակերտութիւն հաւաքելու ատակ, եւ որակաւոր արդիւնք երաշխաւորող համասփիւռքեան հաստատութիւնը…: Հայաստանի մէջ եւս, գոյութիւն ունեցող նախաձեռնութիւնները առայժմ կիսամիջոցներ են: Խոստումներ կան աւելի ամբողջական քայլերու համար, բայց հոս եւս… առայժմ կարելի է միայն յուսալ…:
Իսկ հրատարակչական օժանդակ նիւթերու պարագային՝ թէ ի՛նչ կը կատարուի այլ գաղութներու մէջ՝ հոս դժուար է ներկայացնել: Նախ՝ պէտք է տեղեակ ըլլալ բոլորէն, ինչ որ կը դնէ լրատու-բաշխիչ սպասարկութեան մը կարիքը…: Պարզ է, որ Հալէպի, Պէյրութի, նաեւ Լոս Անճելըսի պէս համայնքներ ունին առաւել-նուազ ծրագրուած հրատարակչական արտադրութիւն մը – մեծ մասամբ՝ անհատական նախաձեռնութիւն: Եւ ատիկա չի բաւեր. լրատու եւ բաշխիչ սպասարկութիւնը, այդ բոլորին միջեւ կապը՝ բո՛ւն հարցը կը կազմեն: Մանաւա՛նդ որ կան նաեւ ուրիշներ. դեռ անցեալ շաբաթ, խորհրդաժողովի եկած արժանթինահայ կրթական մշակներու մօտ տեսայ գրաւիչ օժանդակ ընթերցարան մը – իրենց եւ գործակիցներու ձեռքով պատրաստուած: Շատ անկիւններ՝ մանր կամ կարեւոր գործեր կ’ըլլան, բայց… ի՞նչպէս այդ բոլորը կապել իրարու, արժեւորել, ուժեր խնայել…: Եւ ո՛չ այսպէս՝ ամէն մէկը իր գլխուն…: Բայց այս մասին կարելի է երկար խօսիլ – առանց անդին անցնելու «ափսոս»ներէ եւ «երանի»ներէ – որոնցմէ յոգնած, զզուա՛ծ ենք…
«ԱԶԱՏ ՕՐ».-Յառաջիկայ տարիներու համար՝ ի՞նչ մարտահրաւէրներ տեսաւ խորհրդաժողովը իր առջեւ: Ի՞նչ պետական ծրագիրներ նախատեսուած են…
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Խորհրդաժողովը, աւելի քան Հայաստանի Հանրապետութեան կամ Արցախի, շօշափեց առաւելաբար նոր Սփիւռքի (ԱՊՀ երկիրներ, Եւրոպա եւ Ամերիկա), ապա եւ դասական Սփիւռքի (արեւմտահայ եւ նախկին-ներկայ իրանահայ) հարցերը: Առաւել շօշափելի դրուեցան այս վերջինի՝ դասական հին Սփիւռքի հարցերը, քանի առաջինները, դեռ շփոթի եւ փնտռտուքի փուլի մէջ, առաւելաբար իրենց նոր-նոր գիտակցուող կարիքները ներկայացուցին: Հետեւաբար, յառաջիկայի ծրագրումները եւս աւելի կը վերաբերէին Սփիւռքին (ըսենք՝ Սփիւռքներուն), քան Հայաստանին:
Ըսի արդէն, որ ուսուցիչներու պատրաստման-որակաւորման հարցերը լայն տեղ գրաւեցին ու մանրամասնուեցան: Համահայկական մշակութային մթնոլորտի ստեղծման տեսակէտէ, իբր հետաքրքրական խոստում կը ներկայանան նաեւ «հայեցի կրթութեան սահմաններու ընդարձակում» բնորոշուած առաջադրանքները՝ կրթութեան նոր նախարար Սպարտակ Սէյրանեանի ուշագրաւ եւ բանիմաց միջամտութիւններով շեշտադրուած՝ համահայկական մրցանք-ողիմպիականներ, պատանեկան տարիքի յատուկ դասընթացքներ եւն.: Աւելին ալ կայ, բայց այդ աւելին շատ պիտի երկարէր մեր զրոյցը: