«Ա»- Պարոն Մէյմարեան. կրնա՞ք մանրամասնել, թէ ձեր քանդակներով, որո՞նց ներկայացուցած էք. պատմական դէմքե՞ր. ինչո՞ւ այդ ընտրութիւնը. ժամանակակիցնե՞ր. եթէ նաեւ ժամանակակիցներ, ապա որո՞նք եւ ինչու այդ ժամանակակիցները:
Բ.Մ.- Նախ խորին շնորհակալութիւն այս անակնկալ հարցազրոյցին համար:
Ես քանդակած եմ Առիւծ Մհերէն սկսեալ մինչեւ մեր ազգին մտքի եւ հոգիի հսկաները՝ Մեսրոպ Մաշտոց, Կոմիտաս, Խրիմեան Հայրիկ, Քրիստափոր, Ռոստոմ, Զաւարեան, Արամ Մանուկեան, Նիկոլ Աղբալեան, Արամ Խաչատուրեան, Պարոյր Սեւակ եւ ուրիշներ: Նաեւ մեր անմահ Ֆիտայիներէն՝ Գէորգ Չաւուշ, Աղբիւր Սերոբ, Գարեգին Զօրավար եւ ուրիշներ: Այս քանդակներով կ’ուզեմ վերակենդանացնել մեր ազգին մեծերը, որոնցմով մեր ժողովուրդին մէջ արթննայ ազգային խոր ինքնագիտակցութիւն ու հպարտութիւն եւ հաւատք՝ գալիք պայծառ տարիներու համար:
Ժամանակակիցներու, Ուիլիըմ Սարոյեանի դիմաքանդակէն ետք, վերջերս քանդակեցի մեր նորագոյն զոհին՝ հրանդ Տինքի:
«Ա»- խնդրեմ, տուէ՛ք ձեր կեանքի ամփոփ ուրուագիծերը:
Բ.Մ.- Ես ծնած եմ Հալէպ: Ատանացի ծնողքս երկու անգամ (1909 եւ 1915) Թուրքերու ստեղծած դժողքէն անցած են: Իմ մայրենի լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներն էին Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեանները, Սիմոն Սիմոնեան, Գէորգ Աճէմեան, Արմէն Անոյշ եւ Փիլիպոս Դերձակեան ու այս վերջինը՝ խոր ապրումով մեզի կը կարդար նշանաւոր յեղափոխականներու կեանքէն դրուագներ: Այս բոլորը յիշելով, ըսել կ’ուզեմ, որ ես իմ քանդակած հերոսներու ոգիովը հասակ առած եմ: Անոնք էութեանս մաս կը կազմեն եւ մինչեւ այսօր զիս կը ներշնչեն: Հերոսներ քանդակելով նպատակս այս է, որ անոնք հայ նոր սերունդի տուները մտնելով, իրենց մշտական ներկայութեամբ զիրենք ալ ներշնչեն:
«Ա»-Պատմական կերպարներու քանդակը պատրաստելու ատեն ձեր ներշնչումը ուրկէ՞ կ’առնէք: Կենսագրական տուեալներէ՞, իրենց մասին գրութիւններէ՞: Ձեր երեւակայութեա՞մբ կը ստեղծէք քանդակի կերպարի արտայայտութիւնները:
Բ.Մ.- Հ.Յ.Դաշնակցութեան 100 ամեակին նուիրուած Ալպոմներէ եւ այլ ազգային յեղափոխական գիրքերէ, անշուշտ, մեծապէս կ’օգտուիմ:
Բխած հոգեկան տրամադրութենէս՝ երեւակայութեամբ ալ քանդակներ ստեղծած եմ, ինչպէս Աքսորի ճաքմբուն վրայ, հայ մարդու Մղձաւանջ, տնազուրկ մարդիկ, սպասում, Մայրական սէր, սիրահարները եւայլն…
«Ա»-Ու՞ր է ձեր աշխատանոցը: Բնակարանային պայմաններու տա՞կ կ’աշխատիք, թէ ունիք ձեր առանձին արուեստանոցը: Հիմնականին մէջ հարցը կը վերաբերի կերպարի ընտրութեան գծով ձեր վերաբերմունքին, որոշման գործընթացին:
Բ.Մ.- Թարզանայի բլուրի մը վրայ առանձնացած բնակարանս ունի երեք ինքնաշարժի համար ընդարձակ կառատուն. հոն կ’աշխատիմ:
Ի’նչ կերպար պիտի քանդակեմ, ես կ’որոշեմ, ի բացառեալ քանի մը դիմաքանդակներէ՝ բարեկամներու կողմէ խնդրուած կամ իմ փափա-