Յովնան արք. Տէրտէրեան այդ երազի մասին խօսեցաւ Լոս Անճելըսի հայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ իր հանդիպումի ընթացքին: Երազի իրականացման համար ջանք թափած են բոլորը՝ հարիւրտաս տարիներու հովիւներն ու առաջնորդները, ծուխերու անդամներն ու պատասխանատուները:
Նման երազ իրականացնել, կը նշանակէ աւելի քան տասնեօթ միլիոն տոլարի յանձնառութեան մը տակէն դուրս գալ: Գործի առիւծի բաժինը արդէն կատարուած է՝ հանգանակուած է շուրջ տասնըմէկ միլիոն տոլար: Համայնքի գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններու ու միութիւններու բարոյական աջակցութիւնը ապահովուած է եւ նոր միայն պիտի ձեռնարկուի ժողովրդային հանգանակութեան: Սեպտեմբեր 14ը պիտի ըլլայ այս նոր արշաւին սկիզբը ազդանշող թուականը: Այդ օր իսկական համագաղութային տօնախմբութիւն պիտի ըլլայ, կը խոստանայ ձեռնարկի կազմակերպման գործը ստանձնած յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան:
«Մասիս» եւ «Նոր Հայաստան» թերթերու ներկայացուցիչներու հարցումներուն պատասխանելով Մայր Տաճարի մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ տուաւ սրբազանը:
Տաճարի ճարտարապետական ոճը պիտի ըլլայ հայկական, սակայն պիտի ունենայ նաեւ ժամանակակից նկարագիր: Մասնագէտներու յանձնախումբ մը չորս տարիէ ի վեր կ’աշխատի, որ եկեղեցւոյ ճարտարապետական խնդիրներուն լուծումներ գտնէ: Մեքնենաներու կանգառի հարցը լուծուած է, քաղաքապետարանէն վարձակալուած հողամաս մըն ալ աւելցնելով եղածին վրայ, 290 մեքենաներու կառաբակ ապահովուած է: Տաճարը պիտի կարենայ ընդունիլ 660 հաւատացեալ:
Մայր՝ Տաճարը պիտի անուանուի՝ Սուրբ Ղեւոնդ, եւ սրբազանը կը յուսայ, որ հաւատքի համար կռուած ու նահատակուած ղեւոնդեան ոգին պիտի ներշնչէ այս համայնքի հաւատացեալները եւ անոնց մէջ ուժեղացնէ ազգային ոգին:
Տաճարի ճարտարապետն է Կարէն Խուտիկեան: Շինարարութեան գործը, նուազուրդին ամէնէն յարմար գին տուած Սինանեան ընկերութիւնը պիտի կատարէ:
Աշխատանքները արդէն սկսած են. եկող տարուան Փետրուարին Տաճարին կմախքը արդէն ամբողջացած կ’ըլլայ: Եկեղեցին ամբողջականօրէն պատրաստ պիտի ըլլայ 2010 Յունուար-Փետրուարին: Մինչեւ այդ տարուան Մայիս-Յունիս, վստահաբար վերջացած պիտի ըլլան բոլոր գործերը եւ ամենայն հայոց վեհափառի մասնակցութեամբ պիտի կատարուի Մայր Տաճարին օծումը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք թեմին: