Հայ եւ թուրք ժողովուրդները դրացի են, կողք-կողքի ապրած են դարերով ու պիտի շարունակեն ապրիլ կողք-կողքի՝ իբրեւ հարեւաններ, նախընտրաբար սիրալիր յարաբերութիւններով:
Կասկած չկայ, որ երկու ժողովուրդներու միջեւ ահաւոր վիհ մը կայ, վիհ մը որ խորացած է դարաւոր հարեւանութեան ընթացքին օսմանեան ու թրքական պետական ցեղապաշտ ու ցեղասպան քաղաքականութեան պատճառաւ: Կասկած չկայ նաեւ, որ երկու ժողովուրդներու պարագային ալ ուղղակի շփումներով, ընկերային, մշակութային յարաբերութիւններու ստեղծումով ու զարգացումով կը նեղնայ այդ վիհը եւ նոյնիսկ կարելի կ’ըլլայ գետին պատրաստել, որ երկու երկիրներու քաղաքական ղեկավարութիւնը կարենայ լուծել փոխադարձ կապերը խոչընդոտող ամէնէն ցաւագին խնդիրները, որ թրքական կառավարութեան գլուխ կանգնողներուն կրնայ դիւրացնել սեփական ժողովուրդին առջեւ քաջաբար կանգնելու եւ անցեալին հետ հաշտուելու գործնական քայլեր առնելով՝ ի վերջոյ հասնելու ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խիզախութեան:
Այս մեկնակէտէն է, որ մենք կ’ողջունենք, բոլոր այն ծրագիրները, որոնք կը նպաստեն երկու ազգերու զաւակներու միջեւ շփումներու ստեղծման: Կ’ողջունենք նաեւ նման ծրագիրները խթանող հովանաւորութիւնները, նպաստներն ու յատկացումները, մանաւանդ եթէ անոնք բացայայտ են ու իրենց հետապնդած նպատակները յստակ:
Այս մեկնակէտով, օրինակ, ողջունելի կը գտնենք ամերիկեան կամ ընդհանրապէս միջազգային օժանդակութեան ծիրէն ներս եղած այն յատկացումները, որոնք կը միտին սերտացնել երկու երկիրները իրարմէ բաժնող սահմանագծի կողմերուն ապրողներու յարաբերութիւնները, տարբեր տեսակի մարզական ու մշակութային ձեռնարկներու հովանաւորման ճանապարհով:
Ամերիկեան դեսպանատան հանրային կապերու գրասենեակի դրամաշնորհային օժանդակութեամբ նախաձեռնուած «Գիւմրի-Կարս քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչների հանրային յարաբերութիւնների զարգացում ծրագիրը», օրինակ, նախաձեռնած է շարք մը միջոցառումներ, որոնք կրնան դասուիլ այս օգտակար աշխատանքներու կարգին:
Այս ձեռնարկներէն են.
Լրագրողներու «Ասպարէզ» ակումբի ներկայացուցիչներու 2007 Մայիսէն ի վեր 3 անգամ այցելութիւնը Կարս:
Կարսի լրագրողներու, նկարիչներու, հասարակական գործիչներու հետ գիւմրեցի համապատասխան ոլորտներու մարդոց ընկերական ֆութպոլային հանդիպումներու կազմակերպումը:
Առաջին ֆութպոլային հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Կարսի մէջ Օգոստոս 9ին, երկրորդը Գիւմրիի մէջ՝ Օգոստոս 14ին:
Երկու երկիրներու նախագահները կրնան այս խաղերն ալ դիտելու հրաւիրել զիրար: