Տարիներ առաջ «Բաց Նամակ» էր՝ իւրօրինակ, երիտասարդ, գրական հանդէս, այս մեծ
խառնարանին մէջ քաղցր ովասիս մը։
Դադրեցաւ։
Ինչո՞ւ։
Չեմ գիտեր, բայց կարծես այդպէս պէտք է ըլլայ միշտ, տեսակ մը լուռ ուխտ մը երիտասարդ խմորումներու միջեւ, հերթափոխի համաձայնագիր մը, թիթեռնիկի կեանքով ապրելու, մեռնելու, փոխակերպուելու, հանգանակով մը աշխարհը ցնցելու յաւակնոտութեամբ հիւանդանալու, կամ ուղղակի փորձ մը ընելու խանդով բաւարարուելու։
Հիմա, «Ի Դէպ»ն է։
Դարձեալ երիտասարդական թռիչք մը, անհամբեր, բարձրակէտերու հայող։
Այս թիւը, որ կ’ընթերցեմ, նորագոյնն է եւ տպաւորիչ՝ իր ստորագրութիւններով եւ իր բացակայութիւններով։ Քիւրքճեան, Պըլտեան, անուններ, որոնց ներկայութիւնը բաւական է շոյուած զգալու, բաւական է գնահատուած նկատուելու։ Այդ անունները միայն պարտաւորեցնող են, որովհետեւ, իրենց հետ բերած խրախուսանքին հետ կրնայ գալ ակնկալութիւնը ստեղծագործ յանդգնութիւններու, որոնք պէտք է երեւէին նոյն այս թիւին մէջ, կամ ըլլան խոստումներ յառաջիկայ ծնունդներու։
Բացակաները նորերն են, անոնք, որոնց ժամադրավայրը պէտք է ըլլայ այս նորը, եթէ ան պարզապէս դիպուածի մը արդիւնքը չէ։
Կը սպասենք այս նորերուն, հին նորերուն եւ նոր հիներուն։