Հայրենի հայութեան 1988ի արցախեան պահանջատիրական պոռթկումէն ասդին քսան տարիներ անցած են. Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին պատմական տարողութեամբ փոփոխութիւններ կատարուած են եւ հայ իրականութիւնը թեւակոխած է գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ սլացող զարգացումներու հունը։
Յատկանշականօրէն, սակայն, արագասոյր շրջադարձներով եւ վերիվայրումներով բնորոշուող վերջին քսանամեակի խորապատկերին, ծանրութեան կեդրոնի իրենց նշանակութիւնը պահպանած եւ պարբերաբար վերստին շեշտած են որոշակի մարտահրաւէրներ, որոնք, ինչպէս օրին կամ մօտաւոր անցեալի այս կամ այն կարեւոր դարձակէտի ժամանակ, նոյնպէս եւ այսօ՛ր նշանաձողի դեր կը կատարեն համահայկական մեր երթին համար։
Այդպիսին է, օրինակ, Սփիւռքի հայութեան ուղղուած «Դէպի Երկիր» սեւեռելու եւ որքան հայրենիքի յառաջխաղացքով ու նուաճումներով գօտեպնդուելու, նոյնքան անոր տեղատուութեամբ ու անկումներով տագնապելու եւ դիմագրաւման զօրաշարժի ձեռնարկելու մարտհրաւէրը, որ ահա քսան տարիէ ի վեր պարբերաբար վերանորոգելով իր հնչեղութիւնը, կը զսպանակէ մեր կեանքն ու հաւաքական գործը։
Կասկածէ վեր է, որ Սփիւռքը ընդհանրապէս վարանք ու դեդեւում չունեցաւ հայրենականով իր առօրեան շնչաւորելու եւ իմաստաւորելու ճակատին վրայ։
Երբ Արցախեան ազգային–ազատագրական պայքարին թափ ու կազմակերպ սլացք տալու հրամայական պահանջը առաջացաւ, Սփիւռքը անվարան իր միջոցներն ու զաւակները ուղղեց դէպի երկիր։
Երբ երկրաշարժի աղէտին ծանրագոյն կորուստները դարմանելու ահազանգը հնչեց, Սփիւռքը իր բոլոր հայօճախներով ոյժերու լարում իրագործեց դէպի երկիր՝ օգնութեան փութալով անօթեւանին եւ անկարին, բայց մանաւանդ աջակից դառնալով աղէտահար մեր երկրի վերականգնման դժուարին գործին։
Երբ հայրենիքի վերանկախացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնման ճամբուն վրայ խորհրդային ամբողջատիրութենէն անջատուելու ժամը հնչեց, Սփիւռքը չբաւարարուեցաւ Անկախութեան հանրաքուէն սոսկ ողջունողի կեցուածքով, այլեւ՝ պատմական վերականգնումի այդ մեծ ոստումին անխուսափելի հետեւանքները դիմագրաւելու ահազանգը հնչեցուց։ Այսպէ՛ս, երբ վերանկախացումին հետեւող արմատական հասարակափոխութեան հարթիչ գլանին տակ հիմնայատակ քանդուեցաւ մեր երկրի ընկերատնտեսական ողջ ենթակառոյցը՝ ամէն ինչ զերոյէն սկսելու եւ վայրագ դրամատիրութեան չարիքը դիմագրաւելու հրամայականին նոյնպէս ընդառաջ գնաց Սփիւռքը։
Փաստօրէն, վերջին քսանամեակին, Սփիւռքը հայրենի իրականութեամբ շնչեց ու ապրեցաւ՝ ե՛ւ ազգային–քաղաքական իր փորձը փոխանցելով ու անհարկի սխալներէ խուսափելու ուղիներ ցոյց տալով, ե՛ւ միջազգային ու արտաքին վարկերու, օժանդակութեանց եւ ներդրումներու ապահովման փրկարար գործին լծուելով, ե՛ւ վերջապէս սեփական հնարաւորութիւնները դէպի երկիր ուղղելով։
Բայց հաշուեկշռի դրական այս բոլոր տուեալներուն կողքին, նաեւ ու մանաւանդ հայրենականը արտերկրի մէջ ապրեցնելու փորձառութեան կուտակումով, Սփիւռքի հայութիւնը շարունակ դէմ յանդիման գտնուեցաւ մեծ հարցականի մը եւ, միանգամա՛յն՝ խոր հակասութեան մը։
Որքանո՞վ Հայաստանն ու հայրենաբնակ հայը իբրեւ հարազատի եւ սեփական ժողովուրդի կը նային Սփիւռքին ու սփիւռքահայուն։
Եթէ քսան տարի առաջ, յատկապէս Արցախեան պահանջատիրութեամբ թափ առած համաժողովրդային շարժման ալիքին հետ, հայրենի քաղաքական միտքն ու ընդհանրապէս հայրենաբնակ հայը իբրեւ հարազատի կ՚ընկալէին ու կ՚ընդունէին Սփիւռքն ու սփիւռքահայը, ժամանակը շատ արագ ջուրի երես հանեց տարբեր՝ ճիշդ հակառակին դրսեւորումները եւ զգալի դարձուց խորթութեան… կեղտաջուրեր։ Հ.Հ. անդրանիկ նախագահը նոյնիսկ «նարինջ ուտողներ» որակեց սփիւռքահայերը, իսկ պետական–պաշտօնական բառամթերքին մէջ, սփիւռքահայու հասցէին, սկսան տեղ գրաւել «դուրսի հայ», «արտասահմանցի» եւ «օտարերկրացի» տեղայնական եզրերը։ Խորթացումը աստիճանաբար խորացաւ, երբ 5 Յուլիս 1995-ի հանրաքուէով որդեգրուած Սահմանադրութեան մէջ տեղ չգտաւ երկքաղաքացիութեան իրաւունքը՝ աշխարհով մէկ ցիրուցան դարձած ու տեղական քաղաքացիութիւն ստացած հայ մարդոց զլանալով նաե՛ւ Հ.Հ. քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունքը։
Սփիւռքը հետեւողականօրէն պայքարեցաւ հայրենիքէն եկող խորթացման այդ երեւոյթին դէմ՝ կառչած մնալով մէկ ազգի եւ մէկ հայրենիքի պատկանելու գաղափարական հանգանակին, նաեւ՝ համոզուած ըլլալով, որ նոյնինքն հայրենի հայութիւնը մեծամասնութեամբ դէմ է նման խորթացումի։ Պայքարեցաւ նախ դրականօրէն՝ քայլ առ քայլ ընդարձակելով եւ ամրապնդելով Դէպի Երկիր սեւեռելու եւ հայրենականով սփիւռքահայու իր առօրեան իմաստաւորելու մօտեցումն ու գործունէութիւնը։ Պայքարեցաւ նաեւ ուղղակի հակադրութեամբ՝ պարբերաբար պահանջ բարձրացնելով, որ Հ.Հ. Սահմանադրութեան մէջ ջնջուի երկքաղաքացիութեան իրաւունքին դէմ դրուած արգելքը։
Դիւրին չեղաւ այդ պայքարը։ Քաղաքական ու գաղափարական սուր հակադրութիւններ արձանագրուեցան։ Անվստահութեան եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ մը թունաւորեց Հայաստան–Սփիւռք կամրջումի եւ համարկումի փորձերը։ Խոր վէրքեր առաջացան եւ անոնց սպիացումը դժուարացաւ այն աստիճան, որ նոյնիսկ 2005-ի հանրաքուէով կատարուած Հ.Հ. Սահմանադրութեան բարեփոխումներէն եւ երկքաղաքացիութեան արգելքի ի վերջոյ ջնջումէն ետք ալ, Հ.Հ. Քաղաքացիութեան Մասին Օրէնքի մշակման եւ վերջնական հաստատման գործընթացը չկրցաւ ամբողջապէս զերծ մնալ թունաւոր այդ մթնոլորտի որոշակի ազդեցութիւններէն։
Բայց ժամանակը չի սիրեր կանգ առնել, անցեալով ապրիլ եւ «եթէ»ներով կատարուող սրբագրումներու սպասել… Պէտք է յառաջ շարժիլ եւ, Հ.Հ. Քաղաքացիութեան Մասին Օրէնքով ընձեռուած երկքաղաքացիութեան իրաւունքին առաւելագոյնս տէր կանգնելով, հետամուտ ըլլալ նաեւ անոր թերի կողմերուն կամ սահմանափակումներուն սրբագրման։
Բնական ու հասկնալի է, որ Օրէնքը չի կրնար եւ փաստօրէն չ՚առաջադրեր ինքնաբերաբար ու զանգուածային ընդգրկումով Հ.Հ. քաղաքացի հռչակել ողջ սփիւռքահայութիւնը։ Որեւէ երկրի ու պետութեան քաղաքացիութեան ստացման բնականոն կարգով՝ Հ.Հ. քաղաքացիութիւնը եւս ստանալու համար, նախ պէտք է համապատասխան դիմումը կատարել անհատաբար եւ օրէնքով պահանջուած տեղեկանքը ներկայացնել, ապա նաեւ հետապնդել, որ դիւանակալական ձեւականութիւններու կամ ձգձգումներու զոհ չերթայ դիմումը։
Նոյնպէս բնական ու հասկնալի է, որ երբ անհատական բնոյթ կ՚ունենան դիմումները, իւրաքանչիւր սփիւռքահայու ազգային գիտակցութենէն եւ ինքնահաւատարմութեան զգացողութենէն կախեալ կը դառնայ, թէ ի՛նչ տարողութեամբ ընդառաջում պիտի գտնէ եւ զանգուածային զօրաշարժ պիտի առաջացնէ Սփիւռքը Հ.Հ. քաղաքացիութեան արժանացնող Օրէնքը։
Սփիւռքահայութիւնը ամէն հիմք ունի, որպէսզի արժանաւորապէս տէր կանգնի Հ.Հ. քաղաքացիութիւն ստանալու իր իրաւունքին։
Ճիշդ այս հրամայականին վրայ իր շեշտը կը դնէր Հ.Յ.Դ. 30-րդ Ընդհանուր Ժողովի Յայտարարութիւնը՝ Հ.Հ. քաղաքացիութեան ստացման համար դիմում կատարելու կոչը ուղղելով։
Ի վերջոյ պատմական նշանակութեամբ մեծ նուաճում մը արձանագրուած է եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը արժանացած է, հայ ծնողէ սերած ըլլալու իր հանգամանքին իսկ բերմամբ, Հ.Հ. քաղաքացիութեան ստացման համար դիմում կատարելու եւ Հ.Հ. քաղաքացի դառնալու օրինական իրաւունքին։
Պատասխան տալու ժամանակը հնչած է Սփիւռքին համար։