«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ուսումդ եւ միջավայրդ:
ՀՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- Ծնած եմ 1968ին, եւ բացառութեամբ երեք տարուան, որու ընթացքին ընտանեօք փոխադրուած էինք Փալօ Ալթօ, Քալիֆորնիա, յաճախած եմ նշան Փալանճեան Ճեմարան: Տասնութ տարեկանիս փոխադրուեցայ Լոս Անճելըս եւ ուսանեցայ Համակարգչային գիտութիւն, Քալ Սթէյթ Նորթրիճ համալսարանը:
Վեց ամիս ապրած եմ Պարսելոնա, Սպանիա, իսկ կեանքիս մնացեալ մասը՝ Լոս Անճելըս:
Հակառակ այս փաստին, միայն անցեալ տարի է որ կարողացայ վերջապէս Լոս Անճելըսը ընդունիլ իբրեւ իմ «տունս»: Միւս կողմէն, մտքիս մէջ միշտ կը մնայ մտածումը՝ օր մը Հայաստան փոխադրուելու: Նոյնիսկ կրնամ ըսել որ, իբրեւ ազգ, չեմ հաւատար որ Հայաստանէն դուրս ապագայ ունինք: Բայց այս ըսել չէ, որ մեզմէ ոմանք աւելի գոհացուցիչ եւ կամ տրամաբանական կեանք չեն կրնար ունենալ Հայաստանէն դուրս: Վերջապէս ամէն ազգ իր սփիւռքը ունի, եւ նոյնիսկ պէտք է ունենայ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ե՞րբ սկսար տառաստեղծութեան աշխատանքը:
ՀՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- 1982ին էր, ես եւ եղբայրս, Բեկորը, ունէինք Քոմոտոր-64 անձնական համակարգիչ մը (մեր առաջին համակարգիչը առած էինք 1977ին), որուն վրայ անշուշտ միայն անգլերէնով կարելի էր աշխատիլ: Բայց միջոց կար ոչ լատինական այբուբեններ աւելցնելու (առնուազն նախնական մակարդակով) ուրեմն որոշեցինք Հայերէն (եւ ետքը արաբերէն) տառեր աւելցնել:
Այդ ժամանակ անձնական համակարգիչներու տառերը (Ներառեալ անգլերէնի) կազմուած էին փոքրիկ քառակուսիներէ (Bitmaps), երբ Լոս Անճելըս փոխադրուեցայ համակարգիչները արդէն սկսած էին զարգանալ տառաստեղծութեան տեսակէտէն եւ ես շարունակեցի հայերէնի գործը բայց այլեւս կորագծերով կը ճշդէի տառերու ձեւերը: (Figure 1)
Առաջին գործնական յաջողութիւններէս մէկն էր Հորիզոն հեռուստաժամին կարողութիւն տալը, որ հայերէնով շարադրեն ամէն ինչ, օրինակի համար անձերու անունները, յայտարարութիւնները, եւ այլն: «Հորիզոն»ը առաջին հեռուստաժամը եղաւ համակարգիչով հայերէն օգտագործելու մէջ:
Այս օրերուս կը փորձեմ աւելի բարձրացնել տառաստեղծութեան կարողութիւններս, ներառեալ լատինական գիրերու աշխարհին մէջ: Բայց տառաստեղծութիւնը չափազանց ժամանակ կը խլէ, եւ վարձատրութիւնը համեմատելի չէ ծրագրաւորումի այլ ոլորտներու հետ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ են արհեստագիտական դժուարութիւնները համակարգիչի վրայ հայերէն տառերը աւելցնելու մէջ:
ՀՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- Հիմնականին մէջ շատ դժուար չէ սկզբնական ձեւով հայերէն աւելցնելը, մանաւանդ անցեալին համակարգիչ մը չէր կրնար նոյնիսկ զանազանել, որ նոր տառատեսակ մը պարզապէս յաւելեալ անգլերէն տառատեսակ մը չէր:
Իսկական դժուարութիւնը միշտ եղած է տառերու ձեւերը բարձր որակով գծելը, որ ըլլան թէ դիւրին ընթերցուող եւ թէ գեղեցիկ: Նոյնն է պարագան լատինական տարաստեղծութեան մէջ: Տարաստեղծութիւնը որոշ չափով «Սեւ Արուեստ» (black art) մըն է, խառնուրդ մը արուեստի, արհեստի եւ գիտութեան: Շատ դժուար է մանաւանդ որեւէ հիմնական նորութիւն յաջողցնելը:
Մեծ հարց մըն է նաեւ հայերէն տառերու ծածկագրումը (encoding-ը): Համակարգիչները միայն թիւ կը հասկնան. հետեւաբար իւրաքանչիւր տառի պէտք է տրուի իւրայատուկ թիւ մը: Հայերէնի պարագային, նկատի առնելով, որ սփիւռքը մեծ եւ համեմատաբար արհեստագիտականօրէն աւելի կարող եղած է (մանաւանդ անցեալին) եւ որովհետեւ սկզբնական շրջանին համացանց (internet) չկար, որ աշխարհի հայ տառաստեղծները իրարու կապուէին, ամէն մէկ տարաստեղծ անկախ ձեւով որոշեց տառերու թիւերը:
Արդիւնքը այն եղաւ, որ, եթէ, օրինակի համար, Ֆրանսայէն հայերէն տառատեսակով մը յօրինուի նամակ մը, Հայաստանէն այլ տեսակի հայերէն տառատեսակ գործածող մը չի կրնար կարդալ այդ նամակը: Կան հայերէնի աւելի քան քսան տարբեր encodingներ, որոնցմէ երկուքը ամէնէն շատ տարածուած են՝ ArmSCIIն եւ Փափազեանը. Բայց անշուշտ այս երկուքը տակաւին compatible չեն, իրար հետ չեն խօսիր, չեն համապատասխաներ իրարու: Հակառակ աշխարհի գրեթէ բոլոր միւս լեզուներուն, հայերէնը encoding-ի չափանիշ չէ ունեցած:
Լաւ լուրը այն է որ մի քանի տարի է որ Unicode կոչուած միջազգային encoding մը գոյութիւն ունի, եւ այն կ’ընդգրկէ ամէն լեզուները. կարելի է վերջապէս այս խառն վիճակէն ազատուիլ: Ես ինքս այլեւս չեմ գործածեր Փափազեան encoding-ը եւ հիմա աշխատանքս կը շարունակեմ Unicode-ով:
«ԱՍՊԱՐԷԶ.- Տառաստեղծութիւնը ի՞նչ մշակութային նշանակութիւն ունի:
ՀՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- Ամէն ինչ որ կը կարդանք, որոշ տառատեսակով մը շարադրուած է: Մեծ մասամբ մարդիկ չեն նկատեր տարբեր տառատեսակներու յատկութիւնները, բայց ամէն տարբեր յատկութիւն իր «գաղտնի» ազդեցութիւնը ունի, յառաջացնելով որոշ մթնոլորտ մը: Օրինակի համար լայն տառերը աւելի ջերմ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն քան նեղ տառերը, եւ ծայրատներով տառերը որոշ պաշտօնական հայեացք մը կը յառաջացնեն համեմատած առանց ծայրատներով տառերու:
Ինչպէս որ տարբեր առիթներ տարբեր տեսակի հագուստ հագուիլ կը պահանջեն, եւ մարդիկ միշտ նորաձեւ հագուստներ կը փնտռեն, այդպէս նաեւ ամէն գրութիւն պէտք ունի իրեն յարմար եւ հետաքրքրական տառատեսակի մը:
Եթէ երթաս պարահանդէսի մը կարճ տափատով եւ անթեւ շապիկով, կամ եթէ երթաս նախկին տարուայ հագուստներով, ժխտական տպաւորւթիւն կը ձգես:
Նոյն ձեւով, թելադրելի չէ ամէն գրութիւնները նոյն տառատեսակներով շարադրելը:
Բայց յարմար տառատեսակ մը ընտրելը միայն մակերեսային գործընթաց մը չէ. ամէն օր կ’աւելնայ գիտութեան հասկացողութիւնը մարդու ուղեղին մասին, ներառեալ մարդու գրութիւն կարդալու յատկութիւններուն: Տառատեսակի օգտագործումը ինչպէս նաեւ տառաստեղծութիւնը պէտք է նկատի առնեն այս հասկացողութիւնը:
Իսկ փոքրամասնութիւններու պարագային, կ’աւելնայ ուրիշ հարց մը. տառաստեղծութիւնը դերակատար է ազգի մը ձուլումին կամ գոյատեւման, ճիշդ այնպէս, ինչպէս արդէն կ’ընդունինք որ լեզուն, երաժշտութիւնը, եւ այլն կարեւոր դեր կը կատարեն մշակութային կեանքի մէջ:
Դժբախտաբար վերջին մի քանի տասնամեակներուն հայ տառաստեղծութեան աւանդութիւնը դարձած է ձուլուած տառեր տարածել, տառեր որ շատ կը նմանին լատինական տառատեսակներու: Պէտք է ընդունիմ որ ես ալ երկար տարիներ առանց գիտակցելու կը հետեւէի այդ աւանդութեան. այդ սկզբնական շրջանի իմ տառատեսակներս կը ձուլէին հայ մշակոյթը, անտեսելով ազգիս կարիքները:
Մի քանի տարի է, բայց, որ գիտակցած եմ իմ մեծ սխալիս եւ կը փորձեմ վերականգնել իսկական հայ տառը, ստեղծելով authentic տառատեսակներ եւ համոզելով ուրիշ տառաստեղծներու որ այս մեր հաւաքական վրիպումը ճշդենք:
Այս հարցը ինծի շատ կարեւոր դարձած է, եւ մեծ յոյս ունիմ որ պէտք եղած զգայնութիւնը կը տարածուի ժամանակի ընթացքին: Այս նպատակով, ութ տարուայ աշխատանքէ ետք (սկսելով Երեւան կատարուած գծագրութիւններէ (Figure 2) ստեղծած եմ նուռ անունով տառատեսակ մը, որ ուրախ եմ ըսելու շահած է երկու մրցանակ՝ մէկը Creative Review անգլիական թերթէն 2006ին, միւսը գրանշան մրցոյթէն, որ տեղի ունեցաւ այս տարի Հայաստանի մէջ: (Տեսնել «Ասպարէզ», Յուլիս 17) (Figure 3)
Միւս կողմէն այս աշխատանքս նիւթական տեսակէտէ չնչին արդիւնք ունեցած է միայն (որ զիս չի զարմացներ): Հիմնական մղումս հայ մշակոյթին ծառայել եղած է, իմ նիւթական սահմաններուս մէջ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ են հայերէն էջադրութեան ապագայի հարցերը:
ՀՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- Երկու հիմնական հարց կայ, որ լուծումի պէտք ունի որպէսզի հայերէն էջադրութիւնը անցնի յաջորդ մակարդակին, հասնելով լատինական տառերով էջադրութեան:
Առաջինը այն է որ մենք հայերս պէտք է գիտակից դառնանք տառատեսակներու կարեւորութեան մեր մշակոյթին եւ հետեւաբար ազգին ապագային մէջ: Երբ անձ մը ուզէ հայերէն շարադրել համակարգիչին վրայ, կ’ուզէ զանազան տառատեսակներ ստանալ անվճար ձեւով: Եթէ կ’ուզենք որակաւոր տառաստեղծութիւն քաջալերել, պէտք է պատրաստ ըլլանք տառաստեղծութեան գործը նիւթապէս տրամաբանական դարձնելու: Մեր այս դարու հայերէն տառատեսակները ընդհանուր առմամբ շատ ցած որակի են այս նիւթական պակասի պատճառաւ:
Անգլերէնի պարագային այս հարցը նոյնքան յայտնի չ’ըլլար, որովհետեւ համակարգիչները արդէն զանազան լատինական տառատեսակներով կու գան, Apple-ը մեծ գումարներ կը վճարէ տարաստեղծներու, որ հայթայթեն այդ տարատեսակները համակարգիչներու հետ:
Երկրորդ հարցը հայերէն էջադրութեան մէջ լաւ software-ի պակասն է օրինակի համար ուղղագրութեան սրբագրութեան եւ տողադարձութեան համար: Այս software տակաւին գոհացուցիչ ձեւով չէ ստեղծուած, եւ հոս նաեւ անհրաժեշտ կարողութեամբ անձերը պէտք է բաւարար չափով վարձատրուին, որպէսզի software-ը իրականանայ:
Այո՛, ազգին ծառայելը անհրաժեշտ է եւ նոյնիսկ պատիւ մըն է, բայց առօրեայ կեանքի իրականութիւնը (մանաւանդ Ամերիկա, բայց երթալով ամբողջ աշխարհը) պատճառ դարձած է, որ հասած ենք նիւթականի այսքան կարեւորութեան: Եթէ պնդենք որ հայերէն տառատեսակները եւ software-ները անվճար ըլլան, շատ յոյս չկայ, որ հայերէն էջադրութիւնը զարգանայ: