Աստուածաշունչի տարածման գործին նուիրեալ մըն է Հրայր Ճեպէճեան, որուն «Ասպարէզ»ի յարկին տակ հանդիպելու առիթը ունեցայ նախանցեալ շաբաթ: Ընկերս՝ Շահանը, Պէյրութէն բարձր գնահատականներով ներկայացուցած էր զինք, եւ կարճ հանդիպումն իսկ բաւարար էր համոզուելու համար, որ ճիշդ էր ըսուածը:
Հրայր ներկայիս Աստուածաշնչային ընկերութիւններու Արաբական Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղարն է, միեւնոյն ժամանակ՝ Կիպրոսի Հայ Աւետարանական եկեղեցիի ներկայացուցիչը: Ան նաեւ նախագահն է Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի Ասդուածաշնչական ընկերութիւններու ատենապետներու խորհուրդին, որուն պարտականութիւնը տարբեր շրջաններու մէջ գործող իրենց միաւորներու աշխատանքներուն համադրումն է:
Հրայրի պատկանած ընկերութեան առաքելութիւնը տարբեր լեզուներով Աստուածաշունչ հրատարակել ու Գիրքը աշխարհի բոլոր մասերուն հասցնել է: Այս աշխատանքը կը կատարուի տեղական տարբեր եկեղեցիներու հետ համագործակցաբար՝ առանց յարանուանական խտրութեան, որովհետեւ՝ «Աստուածաշունչը բոլորին գիրքն է»:
Ինք անձնապէս այդ գործով զբաղուած է նաեւ Հայաստանի մէջ, 1991-1996 ապրելով ու աշխատելով այնտեղ, ըլլալով հիմնադիրներէն մէկը Հայաստանի Աստուածաշնչական ընկերութեան, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Խորհրդային վարչակարգի փլուզումէն ետք, Հրայր իր ներդրումը ունեցած էր Հայաստանի մէջ քրիստոնէական հասկացողութիւնն ու հաւատքի գիտելիքները տարածելու գործին, կամաց-կամաց այդ արժէքները փոխանցելով ժողովուրդին՝ համագործակցաբար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, ինչպէս նաեւ միւս դաւանանքներու համայնքներուն:
Հրայր հասակ նետած է Լիբանանի մէջ, ուր միութենական կեանքի բովէն անցած է: Ան հեռու ապրի թէ մօտ՝ կ’աշխատակցի «Ազդակ»ին:
2003-2006ին Հրայր Իրան էր, տեղւոյն կաթողիկէ, առաքելական եկեղեցիներու հետ, Աստուածաշնչական ընկերութեան միջոցներով օժանդակելով հոգեւոր գրականութեան հրատարակութեան:
Ներկայ իր առաքելութիւնը Կիպրոսի Աւետարանական համայնքի եւ եկեղեցիի վերակազմակերպումն է: Կիպրոսի Աւետարանական եկեղեցին 1974ի կղզիի մէկ մասի թրքական գրաւումէն ետք կազմալուծուած է, եւ համայնքը ցրուած: Այժմ Հրայր կը փորձէ դարձեալ հաւաքել համայնքը ու թափ տալ աշխատանքներուն:
Յուզումով կը պատմէ թրքական գրաւումէն ետք իր առաջին այցելութիւնը Կիպրոսի Աւետարանական եկեղեցի. «Փակ դուռը զարկի: Մէկը բացաւ: Կրնա՞մ ներս մտնել, հարցուցի: Եկեղեցին վերածուած էր գործարանի: Դժուար պահ էր: Ներսը ոչ Աստուածաշունչ, ոչ հոգեւոր երգարան: Դուրսը, հիմնարկէքի վկայական արձանագրութիւնը փորձած էին աւլել-սրբել, բայց չէին յաջողած»:
Թուրքերու կողմէ մեր եկեղեցիի երկրորդ գրաւումը կը համարէ այս Հրայր, եւ ամէն ինչ կ’ընէ, որ երկրորդ անգամ ետ առնէ զայն գրաւողէն:
«Խօսքը պէտք է վառ պահենք, եկեղեցին պէտք է ոտքի հանենք, քարերը առանց խօսքի իմաստ չունին», կ’ըսէ Հրայր:
Հաւատքի գործիչը միշտ շարժման մէջ է: Կը ճամբորդէ մէկ համայնքէն միւսը։ Տարբեր գաղութներ այցելելով, տարբեր համայնքներու հետ շփուելով ինք կը հաւատայ, որ կրցած է տեսնել մեծ պատկերը, ըստ որու պէտք չէ քաշուիլ ներհամայնքային պատեաններու մէջ, այլ պէտք է բացուիլ ու աշխատիլ իրարու հետ: