ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Օգոստոս 1ին հաղորդուեցաւ, թէ 2001ի վերջաւորութեան քոնկրէսականներու եւ լրագրողներու ղրկուած «էնթրէքս»ով պղծուած նամակներով յարձակումներուն գլխաւոր կասկածելին՝ գիտնական Պրուս Այվընզ, անձնասպանութեան դիմած է:
Ան Ուրբաթ օր, պաշտօանպէս պիտի ամբաստանուէր պետական դատախազներու կողմէ, որոնք որոշած էին մահապատիժ պահանջել:
Յիշեցնենք, թէ յարձակումները, որոնք Սեպտեմբեր 11ի յարձակումներէն ետք կատարուելով աւելի սրած էին երկրի տարածքին ստեղծուած լարուածութիւնը, հինգ զոհ խլած էին: