Ճամբորդական գրասենեակ ունեցող ընկեր մը անցեալ օր մտահոգութիւն յայտնեց, թէ լոս անճելըսեան մամուլի որոշ ներկայացուցիչներ, չարախնդութեամբ կը պնդեն, որ Հայաստան գացող զբօսաշրջիկներու թիւը նուազած է, որ հիւրանոցները դատարկ են եւ Երեւանի փողոցներու վրայ արտասահմանցիներ չեն երեւիր, եւ այս ամէնը կը կապեն երկրի ներքաղաքական վիճակին:
Նախ ընկերս ինք կը վկայէ, որ մեծ խումբի համար տեղ ապահովելու իր ճիգերը միշտ դժուարութեան կը հանդիպին: Ապա, մեր ստացած տուեալները հակառակին փաստը կու տան: Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի պաշտօնական վիճակագրութիւնները կը վկայեն, որ զբօսաշրջիկներու թիւը նկատելի տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարիներու ցուցնիշները:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական ծառայութեան տուեալներով, օրինակ, անցեալ տարուան առաջին կիսմեակին համեմատաբար, այս տարի Ղարաբաղ այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը տասը տոկոսով աւելցած է:
Նոյնպիսի տուեալներ հրապարակուած են Հայաստանի կողմէ՝ առաջին եռամսեակին թիւերը բաղդատող եւ գրեթէ նոյն համեմատութեամբ աճ ցոյց տուող:
Յամենայնդէպս, անվիճելի փաստ է, որ զբօսաշրջութիւնը հսկայական եկամուտ կ’ապահովէ Հայաստանին ու ան եզակի ոլորտներէն է, որուն զարգացումը կ’օգնէ մեծ թիւով քաղաքացիներու՝ անոնց ապահովելով գործ ու արժանապատիւ վարձատրութիւն:
Այս իսկ պատճառով, ես չեմ ուզեր հաւատալ, որ հայկական մամուլի ոեւէ ներկայացուցիչ կրնայ չարախնդութեամբ յայտարարել, որ Հայաստան գացող զբօսաշրջիկներու թիւը նուազած է: Ցաւօք՝ այո՛, կրնայ ըլլալ: Բայց ոչ չարութեամբ: Յետոյ վիճակը ցաւալի չըլլալուն վէճը ուրիշ հարց է, մեր աղբիւրներու հաւաստիութեան կռիւն է, որուն ընթացքին կրնան նաեւ ներքին քաղաքական հակադրութիւնները իրենց դերը կատարել: Այդ ալ «ոչին»չ, մենք կը վիճինք, իսկ զբօսաշրջիկները՝ թող վայելեն Հայաստանի գեղեցկութիւնը: