Հոլիվուտի մէջ երիտասարդական Կեդրոնի առաջին, հիմնական քարը դրուեցաւ անցեալ Կիրակի օր (տեսէք կողքի լրատուութիւնը), Յուլիս 13ին:
Առաջին քարին հետ ամուր հաստատուեցաւ աշխատանքը արագօրէն իր աւարտին հասցնելու ներկաներու վճռականութիւնը:
Գործի պատասխանատուութիւնը անմիջականօրէն ստանձնած է Հոլիվուտի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութիւնը, որուն անմիջականօրէն պիտի օժանդակէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ՀՕՄի, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան, «Համազգային»ի տեղւոյն մասնաճիւղերը, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան համաձայն, իր շրջանակի զօրաշարժով, իր հնարաւորութիւններու ամբողջական օգտագործումով:
Հաւաքական աշխատանքն է, անշուշտ, առաջին երաշխիքը այս գործի բարեյաջող աւարտին: Բոլոր միութիւնները, ձեռք-ձեռքի, սրտով, ոգեւորութեամբ, յստակ տեսլական մը իրականացնելու նպատակասլացքով:
Գործի յաջող աւարտը նաեւ երաշխաւորուած է այն փաստով, որ Փոքրիկ Հայաստանի սրտին մէջ երիտասարդական կեդրոն մը կառուցելու ծրագիրը կը վայելէ այս կառոյցներուն շրջանային բարձրագոյն մարմիններու հովանաւորութիւնը ու հետեւաբար, անոնց անսակարկ օժանդակութիւնը, անոնց բարոյական նեցուկը: Վկայ՝ հիմնօրհնէքի արարողութեան ներկայութիւնը Հ.Յ. Դաշնակցութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Յաջողութիւն եւ շուտափոյթ աւարտ կը մաղթենք Հոլիվուտի հայկական կազմակերպութիւններու այս ընտանիքին՝ սեփական նոր օճախ մը ունենալու աշխատանքին: