Երէկ կէսօրէ ետք շրջանառութեան մէջ դրուած պաշտօնական լրատուութիւնը կը փոխանցէր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը առաջարկած է ստեղծել Սփիւռքի նախարարութիւն։
Օրին, երբ ամբողջացաւ ներկայ կառավարութեան կազմը, զարմանքով նկատեցինք, որ կը պակսէր Սփիւռքի նախարարութիւնը։ Չշտապեցինք եզրակացութիւններ հանելու եւ հարց տալու թէ ի՞նչ եղան նախընտրական խոստումները։
Երէկուան լուրը կ՚ազդարարէր ընթացակարգին մեկնարկը։ Խորհրդարանը պէտք է հաստատէ կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծը, որմէ ետք, ինչպէս կ՚ակնկալուի, կառավարութեան կ՚ընդգրկուի նախարարութիւն մը եւս եւ մեր երկիրը կ՚ունենայ Սփիւռքի նախարար մը։
Ներկայ պահու դրութեամբ պարզ չեն այս նախարարութեան իրականացնելիք գործառոյթները։ Վստահաբար կառավարութեան յղելիք թղթածրարը կը ճշդէ եւ կը կանոնակարգէ անհրաժեշտ բաժիններն ու ենթաբաժինները։ Մի քանի օր առաջ ամերիկեան «Էյ.Փի.» լարտու գործակալութիւնը հաղորդած էր հայ ժողովուրդի համրանքին մասին տեղեկատուութիւն մը, որուն համաձայն Հայաստանէն դուրս կ՚ապրի 5.7 միլիոն հայ, տեղաբաշխուածութեան հիմնական հետեւեալ պատկերով՝ Ռուսիա՝ 2 միլիոն, Միացեալ նահանգներ՝ 1.4 միլիոն եւ Ֆրանսա՝ 450.000։
Դասական Սփիւռքը ձեւափոխուած է այսօր։ Սփիւռք հասկացողութիւնը, եթէ արտերկիրն է, Սփիւռքի ամէնէն մեծ թիւ ներկայացնող համայնքը ռուսահայ համայնքն է փաստօրէն։ Այս թիւին մէջ ո՞րքանը մնայուն բնակութիւն հաստատծն է, ո՞րքանը հին աւանդական գաղութն է, եւ ո՞րքանը արտագնայ աշխատանքի բերումով վերջերս Հայաստանէն Ռուսիա հաստատուած է դժուար է տարբաղադրելը։ Հայաստանէն արտագաղթողներու այլ ստուար թիւ մը կայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու 1.4 միլիոնին մէջ։ Այսօր թէեւ պաշտօնապէս չհաստատուած, այսուհանդերձ տպաւորիչ թիւերու մասին կը խօսուի Արեւելեան Եւրոպայի տարածքին, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ թէ Յունաստանի մէջ։
Տակաւին. զուտ պետական հասկացողութեամբ Սփիւռքը կը ներառէ նաեւ վիրահայութիւնը, պոլսահայութիւնը ու տակաւին Պոլսոյ աւանդական համայնքին վրայ այսօր աւելցած եւ թերեւս տակաւ աւելցող Հայաստանէն հաստատուածներու նկատառելի թիւը։ Առ նուազն հարցումի ճամբով մտածելու առիթ պէտք է ունենանք, որ Սփիւռք հասկացողութեան կը ներառուի՞ նաեւ թաքուն հայերու երեւոյթը՝ հայախօս համշէնահայութիւնը, իսլամացած հայերը։ Այդ պարագային շատ ժլատ գնահատում կատարած պիտի ըլլայ Էյ .Փի. լրատու գործակալութիւնը։
Այո՛. ձեւափոխուած է Սփիւռք հասկացողութիւնը։ Անհրաժեշտ է նոր հայեցակարգ սփիւռքեան հարցերուն մօտենալու, պետութիւն-սփիւռք յարաբերութիւնները կարգաւորելու, կրթամշակութային գործունէութիւն ծաւալելու։ Պատահական չէ, որ քաղաքացիութեան օրէնքի կիրարկումն ու անոր զուգորդուած Սփիւռքի նախարարութեան կազմութիւնը կ՛ընթանան համաչափ կշռոյթով։ Այս թիւերուն մէկ կարեւոր մասը՝ նոր Սփիւռքը կազմողները, քաղաքացիութեան նոր օրէնքով պիտի կարենան վերականգնել իրենց հայաստանեան քաղաքացիութիւնը։ Դասական Սփիւռքը, իր կարգին, առիթ պիտի ունենայ իր տեղական քաղաքացիութեան առընթեր ստանալու նաեւ հայաստանեանը։ Կը ստացուի այնպէս, որ Սփիւռքի դասական հասկացողութիւնը կը ստանայ նոր տարողութիւն եւ ծաւալ իսկ Հայաստանի քաղաքացիներուն թիւը՝ կը յուսանք որ կ՛ապահովէ նոր համրանք։
Այս տարողութեամբ հայեցակարգի մշակումը պէտք է ըլլայ առաջադրուած ներգրաւուածութեան համապատասխան ներկայացուցչութեամբ։ Տարբեր խօսքով, Հայաստանի պետութեան կողմէ պէտք է ճշդուի քննարկման եւ հայեցակարգի մշակման այնպիսի մեքանիզմ, ուր թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ դասական եւ թէ՛ նոր Սփիւռքները ներկայացուած ըլլան։ Համահայկական էութեամբ, տարողութեամբ եւ սուր հրատապութեամբ դրուող խնդիր է սփիւռքեան հարցերու նոր հայեցակարգի մշակումը։ Այս հարցին կապակցութեամբ դեռ առիթ կ՛ունենանք խօսելու թուրքեւ ատրպեճանական սփիւռքի կազմակերպման, քաղաքականացման եւ հակահայ քարոզչաքաղաքական աշխատանքներ ծաւալելու միջպետական նորագոյն նկրտումները հակակշռելու եւ չէզոքացնելու հայկական Սփիւռքին որդեգրելիք ռազմավարութեան անհրաժեշտութեան մասին։
Այս թղթածրարը բազմաշերտ է եւ բազմաթիւ առումներով հեռանկարային։ Աւելի քան անհրաժեշտ է ճիշդ եւ առարկայական նախապատրաստութիւնը։ Նաեւ՝ Հայաստանի պետութեան առընթեր Սփիւռքին ներգրաւուածութիւնը։