Արեւմտեան մեր թեմի հաւատացեալ ժողովուրդը Կիրակի, 22 Յունիսին ապրեցաւ հոգեպարար օր մը, գործնապէս հաղորդակից դառնալով Ս. աթոռոյս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Միւռոնօրհնէքի արարողութեան։ Արդարեւ, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, մեր եկեղեցիներուն տրամադրուեցան նոր օրհնուած միւռոնէն բաժին մը, որ գործածուեցաւ Կիրակի օր տեղի ունեցած ջրօրհնէքի արարողութեան ընթացքին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, մեր ժողովուրդը օրհնուած ջուր տարաւ տուն, Ս. Միւռոնի օրհնութեամբ ոգեղէն լոյսով թարմացնելու համար իրենց ընտանեկան օճախներու մթնոլորտը։
Առաջնորդը այս առիթով նախագահեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ կատարեց ջրօրհնէքը, մասնակցութեամբ Եփրեմ արք. Թապագեանի եւ քահանայ հայրերու։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգ. վարչութեան ատենապետ դոկտ. Կարօ Յակոբեան, ժողովականութեան անդամներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Յայտնենք, որ ջրօրհնէքի արարողութիւն տեղի ունեցաւ թեմիս հեռակայ շրջաններուն մէջ եւս։ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան պատարագեց ու ջրօրհնէք կատարեց Քոլորատոյի հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքին մէջ, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան պատարագեց ու ջրօրհնէք կատարեց Քորոնայի մէջ, իսկ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան յառաջիկայ Կիրակի պիտի այցելէ Սան Ֆրանսիսքօ եւ Վարդավառի տօնին առիթով ջրօրհնէք պիտի կատարէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ծանօթ է, որ առաջնորդը, Լաս Վեկասի ծխական համայնքին իր տուած այցելութեան առիթով, 15 Յունիսին, Ս. Պատարագ մատուցած էր ու կատարած՝ ջրօրհնէքի արարողութիւնը։