«Թեղուտ՝ յանցանք սերունդների նկատմամբ», «Բնութեան սպանդ», «Հիւանդ հասարակութիւն», «Փրկենք Թեղուտը», «Մտածենք առողջ ապագայի մասին», ահա՛ այսպիսի ցուցապաստառներով Երեւանի մէջ կառավարութեան շէնքին դիմաց հաւաքուած էին Թեղուտի խնդիրով մտահոգուած քաղաքացիներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Շնողի եւ Թեղուտի բնակիչներ:
Ըստ ցուցարարներուն, Թեղուտի պղնձամոլիպտենային հանքավայրի շահագործման պարագային, պիտի ոչնչանայ 1000 հեքթար անտառ՝ իր բուսական եւ կենդանական աշխարհով, պիտի աւելնայ մարմնական եւ մտաւոր թերզարգացած երեխաներու ծնունդը եւ մօտակայ գիւղերու բնակիչները ստիպուած պիտի ըլլան փոխելու իրենց բնակութեան վայրերը:
«Էքոլոկիական ակադեմիա» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գրետա Գաբրիէլեան կը յայտնէ, որ Թեղուտի շահագործումը յանցագործութիւն է Հայաստանի ժողովուրդին նկատմամբ: «Այդ հանքը չի կարող այնքան օգուտներ բերել ժողովրդի համար, ինչքան վնասներ: Վնասները այնտեղ հարիւրապատիկ, հազարապատիկ անգամ մեծ են, քան ներկայացուած են նախագծում: Ցաւօք սրտի, այդ նախագծի հետ շատ քչերն են ծանօթ», կը յայտնէ Գաբրիէլեան:
Բողոքի ցոյցին մասնակիցները կը կրէին տարբեր կենդանիներու դիմակներ, որոնցմով կ’ուզէին ցոյց տալ, որ անտառահատումներէն ետք՝ կենդանիները ուղղակի պիտի ոչնչանան:
Միւս կողմէ, Թեղուտի հանքավայրերը շահագործող «ACP» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Գագիկ Արզումանեան յայտարարած է, որ «Եթէ բնակիչները հիւանդանան ծանր մետաղների արտանետումների պատճառով, ապա մեր ընկերութիւնը պատրաստ է լուծել այդ մարդկանց բժշկական ապահովագրութիւնը»: