Կորիւն սրբազան Պապեան անձնական այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուի: Սրբազանը ժամանակ գտաւ ու այցելեց «Ասպարէզ»ի խմբագրատուն: Այս առիթով խնդրեցինք սրբազանին հարցազրոյց տալ մեզի: Նկատի ունենալով, որ վերջերս Պէյրութի մեր գործընկեր «Ազդակ»ը հանգամանալից հարցազրոյց մը ունեցած էր սրբազանին հետ, իր առաջարկով «Ասպարէզ» սիրով կը հրատարակէ զայն: Նկատի առնելով հարցազրոյցի լայն ընդգրկումը եւ հայկական քանի մը համայնքներու մասին տուած կարեւոր մանրամասնութիւնները, որոշեցինք հարցազրոյցը հրատարակել ամբողջութեամբ:
Սրբազանին հետ «Ասպարէզ» եկած էր եղբայրը՝ հասարակական գործիչ, ատամնաբոյժ տոքթ. Մհեր Պապեան:
Տոքթ. Պապեան, որուն դուստրը վերջերս իրաւաբան դարձաւ ու յաջողութեամբ անցուց «Պար» քննութիւնը, դստեր մօտալուտ պսակադրման, եւ եղբօր՝ սրբազանի հոս գտնուելու ուրախ առիթներով, «Ասպարէզ»ին նուիրեց $650, առաւել $150 վճարելով դարձաւ թերթիս հովանաւոր: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք տոքթ. Պապեանին եւ կը կիսենք իր ուրախութիւնը:
Սրբազանի հետ հարցազրոյցը կարդացէք 13րդ էջին վրայ: