Վճարովի պատմաբաններու բախտը բացուած է։ Մեր ակնարկը անշուշտ կ’երթայ հայոց պատմութիւնը նենգափոխելու գործին լծուած վարձկաններուն, որոնք նոր եւ հարուստ պատուիրող մըն ալ գտած ըլլալու երջանկութիւնը կը վայելեն։
Ճասթին ՄըքՔարթի։ Եու.Սի.Էլ. Էյ.էն շրջանաւարտ այս կեղծ պատմաբանը իր պաշտօնակիցներու շրջանակին մէջ հռչակ ունի իբրեւ թրքական կառավարութեան հետ համագործակցող, անոր հակահայ քարոզչութեան լծուած գործիք։ Ան նոյնիսկ Ամերիկայի թրքական միութիւններու ընկերակցութեան պատուէրով Հայկական հարցին հակազդելու քարոզչական ուղեցոյց պատրաստած է։
Հիմա այս դէմքը հասած է Պաքու եւ իր ծառայութիւնները կ’առաջարկէ քարիւղի վաճառքէն յղփացած, վարձկաններ զինուորագրելու լայն հնարաւորութիւններով օժտուած ատրպեճանական իշխանութիւններուն։
Ատրպեճանական մամուլի ծառայութիւնը շատ հետաքրքրական ամփոփումով մը կը ներկայացնէ ՄըքՔարթիի Պաքուի յայտարարութիւնները, որոնք բոլորն ալ մէկ բան կը հետապնդեն. իր ծառայութեան կարեւորութիւնը ատրպեճանական իշխանութիւններուն։
ՄըքՔարթիի խօսքերը.
Հայերը ուժեղ սփիւռք մը ունին։ Դժբախտաբար այս իրականութիւնը փոխել կարելի չէ։
Հայերը կ’ուզեն քաղաքական ասպարէզը գրաւել եւ այդ նպատակին համար անոնք կը գործածեն պատմութիւնը։
Պատմաբաններու գլխաւոր նպատակը ճշմարտութիւնը յայտնաբերել է, եւ թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու նպատակը այս ճշմարտութիւնները միջազգային համայնքի ուշադրութեան ներկայացնելն է։
Եթէ հայերը կը կարծեն, որ Ղարաբաղը պէտք է Հայաստանին միացուի, անոնք պէտք է հաշուի առնեն, որ հայկական հողերու մեծ մասը պատմականօրէն Ատրպէյճանին կը պատկանի եւ ուրեմն պէտք է վերադարձուի Ատրպէյճանին։
Ասկէ աւելի բացայայտ, մերկապարանոց առաջարկ դժուար է գտնել։ Կը մնայ պարզ սակարկութիւնը, վարձատրութեան չափերու ճշդումը եւ … թռիչք դէպի տուն, դէպի բարեկեցութեան նոր մակարդակ՝ ատրպեճանական քարիւղով օծանուած։