Ինչպէ՞ս թարգմանել «Ռէտ տակ հոլզ»ը։ «Կրամիր շան ոռնո՞ցը»։ Աւելի լաւ է չթարգմանել։ Լաւ է երթալ ու տեսնել այս թատերախաղը, որ կը պատմէ պատմութիւն մը՝ խորհրդաւոր կերպով թաքցուած պատմութիւն մը։
Քաթրին Շալֆանթ, թատրոնի ամէնէն յայտնի դերասաններէն մէկը, հոյակապ խաղարկութեամբ հանդէս կու գայ, գրաւելով հանդիսատեսի սիրտն ու հոգին։ Առաջին ներկայացումը կատարուեցաւ Մայիս 14ին։ Յունիս 13ին պիտի ներկայացուի վերջինը։
Թատերախաղը պատմութիւնն է Մայքլ Քիրիաքոսի, որ պարտադրաբար, իր կեանքը դասաւորելու համար, դէմ յանդիման կու գայ իր ընտանիքի ամէնէն սարսափազդու գաղտնիքին հետ։ Իր հօր մահուընէ ետք ան կը գտնէ նամակներու տուփ մը, նամակներ, գրուած իր հօր՝ մեծ մօր կողմէ։ Քիրիաքոս կը գտնէ իր մեծ մայրը, որուն հետ կը մտերմանայ եւ անկէ կ’իմանայ, որ ինք յոյն չէ, այլ հայ եւ որ իր ընտանիքը, այլ հայ ընտանիքներու նման, ենթարկուած է թուրքերու կողմէ իրականացուած ջարդերու։
Պատմութիւնը կը ծաւալի ու Քիրիաքոսի մեծ մայրը կը բացայայտէ ընտանիքի կողմէ թաքցուած գաղտնիքը, որու անէծքովը ապրած են իր ծնողները։
Այս առթիւ, կը ներկայացնենք հարցազրոյց մը՝ թատերախաղին հետ առնչուող երեք անձնաւորութիւններու հետ։ Հարցազրոյցը կատարեց Անի Թադեւոսեան, «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանի անձնակազմէն։ Մերը՝ թարգմանութեան փորձ է։ Թատերախաղին ներկայ ըլլալու համար տոմսեր կրնաք ապահովել հեռաձայնելով՝ 818 508-4200 թիւին։
ԱՆԻ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ.- Հարցումը ուղղուած է Ալեքսանդր Տինելարիսին, թատերախաղի հեղինակին՝ Ի՞նչ է ձեր ներշնչման աղբիւրը։
ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՏԻՆԵԼԱՐԻՍ.- Զիս խնամած է մեծ մայրս՝ Վարդուհի Աֆրատեանը։ Ծնողներս չկային եւ ինք զիս խնամեց մինչեւ դարձայ վեց-եօթ տարեկան։ Այսպէս հայկական մշակոյթի մէջ է, որ հասակ առի։ Սակայն, երբ տարիները անցան ու ինք մահացաւ, հայկական մշակոյթն ալ կամաց-կամաց ինձմէ հեռացաւ, որովհետեւ չկար մէկը, որ զիս կապէր անոր։ Հետագային, երբ արդէն սկսած էի թատերախաղեր գրել ու աւելի ու աւելի սկսած էի մտածել մեծ մօրս մասին, կար պատմութիւն մը, որ թաքնուած էր մէջս. մեծ մօրս պատմութիւնն էր, որ շատ գաղտնի պահած էր ինք եւ ես ուզեցի գրել թատերախաղ մը՝ իր պատուին, իբրեւ էապէս մայրս դարձած կին, եւ պատուելու համար հայկական մշակոյթը, որու մէջ ես մեծցած էի։
Ա.Թ.- Հանդիսատեսին ի՞նչ պատգամ է, որ կը փոխանցուի։
Ա.Տ.- Կը կարծեմ, որ թատերախաղը ի վերջոյ մեր՝ ըլլան անոնք հայկական կամ մէկ այլ ազգի ցաւերը հանգստացնելու փորձ մըն է, միեւնոյն ժամանակ ճիգ մըն է մեր մէջ կրելու, մեր մէջ պահելու մեր նախնիներու ուժը եւ անոնց սորված դասերը։ Իմ պարագայիս, ես զայն կապեցի հայկական մշակոյթին, որովհետեւ մեծ մայրս հայ էր։ Ես չեմ կարծեր, որ այս թատերախաղը հայերու համար է… Ես կը կարծեմ, որ հայերը լաւ գիտեն իրենց պատմութիւնը, գիտեն Ցեղասպանութեան մասին։ Անոնք գիտեն իրենց ընտանեկան պատմութիւնը… Այս թատերախաղը կը փորձէ հասնիլ ոչ-հայերուն, պարզագոյն ձեւով անոնց պատմելու համար, թէ ինչ պատահեցաւ հայութեան, որովհետեւ այնքան շատ են այն մարդիկ, որոնք տեղեակ չեն, թէ ինչ պատահած է հայերուն, չեն գիտեր Ցեղասպանութեան մասին, չեն գիտեր հայկական մշակոյթի ու հայերու պատմութեան մասին։ Այդպէս, ես կը կարծեմ, որ այս թատերախաղը գրեցի մեծ մօրս, ընտանիքիս եւ այն հայերուն համար, որոնց ծանօթացած եւ սիրած եմ, պատմելու համար, թէ ինչ պատահեցաւ։ Ուշադիր եղիր, մինչեւ հիմա թատերախաղը դիտող բոլոր օտարները կու գան ու մեզ կը պատմեն, թէ իրենց համար յայտնութիւն մըն էր եւ որ իրենք տուն երթալով համացանցէն յաւելեալ տեղեկութիւն փնտռած են։
Ա.Թ.- Ասիկա ձեր առաջի՞ն թատերախաղն է։
Ա.Տ.- Ասիկա իմ չորրորդ թատերախաղս է։ Երկու այլ թատերախաղեր ունիմ, որոնք շուտով կը ներկայացուին Պրոտուէյի սրահներուն մէջ։ Ասիկա իմ նորագոյն թատերախաղս է եւ շատ սրտամօտ գործ մըն է ինծի համար։ Թատերախաղի ցուցադրումը ուզեցինք սկսիլ Լոս Անճելըսի մէջ, որովհետեւ, իմ կարծիքով, եթէ հայերու մասին թատրոն պիտի գրես, ապա անոր ցուցադրոըթիւնը պէտք է սկսի Լոս Անճելըսէն։ Գիտնալով, որ այստեղ թատրոն յաճախողներու թիւը այնքան ալ մեծ չէ, մենք աչք առինք այդ վտանգը եւ սկսանք այստեղէն։ Նման քայլի դիմեցինք, որովհետեւ մեր պարտքն էր ատիկա ժողովուրդին, հայ ժողովուրդին։
Ա.Թ.- Մայքըլ Փերէցեանին.- Ի՞նչը ձեզ մղեց այս թատերախաղին։
Մ.Փ.- Հայրս ու մայրս ծնած են թրքահայաստան։ Մենք Նիւ Ճըրզի մեծցած ենք, քաղաքամերձ շրջանի մէջ, եւ երբեք հայութեան հետ որեւէ կապ չենք ունեցած։ Ծնողներս, երկուքն ալ միշտ թաքուն բան մը ունէին պահած, բան մը, որուն մասին երբեք չէին ուզեր խօսիլ, չէին ուզեր մեր հարցերուն պատասխանել։ Մենք ալ այդպէս մեծցանք, մտածելով, որ սխալ բան մը կայ… բան մը, որու մասին չեն ուզեր խօսիլ։ Հիմա երկուքն ալ չկան այլեւս, եւ ես երբեք առիթ չունեցայ լսելու իրենց պատմութիւնները։ Հետագային, հօրեղբայրս էր, որ պատմեց ինծի հօրս եւ մօրս մասին, այն մասին, որ անոնք թաքցուցած էին ինձմէ։ Այս թատրերախաղի միջոցաւ ես վերադարձայ իրենց՝ գիտնալու, բացայայտելու համար այն պատմութիւնը, որ իրենք փորձած էին տանիլ իրենց հետ։ Նախ կը կարծէի, որ լռութեան պատճառը երկիր կորսնցուցած ըլլալու նուաստացումն էր, որ կ’ուզէին յաղթահարել։ Յետոյ անդրադարձայ, որ իրենք փրկուածներն էին, կարծես իրենց արտօնուած էր ապրիլ եւ ատոր համար անոնք յանցաւոր կը զգային։ Մօրս կ’անհանգստացնէին նոյնիսկ կենցաղային ծառայութիններու գրասենեակներէն ստացուած հեռախօսազանգերը, նոյնսիկ առոգանութիւնը կը փոխուէր, կը դառնար աւելի թանձր։ Կը մտածէի, թէ ի՞նչն է, որ այսքան կը մտահոգէր զինք։ Թերեւս կը վախնար, որ ե՞տ պիտի ուղարկէին զինք։ Թատերախաղին մէջ, գլխաւոր դերակատարը՝ Մայքըլը, կը վերադառնայ իր արմատներուն, ես ալ, այս թատերախաղը բեմադրելով ճիշդ նոյնն է, որ կ’ընէի, ես ալ կը վերադառնայի իմ արմատներուս, հասկնալու համար, թէ ինչն է, որ ծնողներս կը փորձէին թաքցնել մեզմէ ու աշխարհէն։
Ա.Թ.- Արտադրիչ Լիօ Լոըրին.- Ինչո՞ւ ընտրեցիր այս թատերախաղը։
Լ.Լ.- Ես հայերու մասին ոչ մէկ բան գիտէի, մինչեւ որ կարդացի Ալէքսի թատերախաղը, եւ երբ կարդացի զայն, ազդուեցայ անկէ ոչ թէ անոր հայկական պատմութիւն մը ըլլալուն համար, այլ որովհետեւ պատմութիւնը պարզապէս, խորհրդաւորութիւն պարունակող ընտանեկան պատմութիւն մըն է, ազդեց վրաս, կարծես իմ ընտանեկան պատմութիւնս ըլլար։ Այդպէս սկսաւ գործը։ Կարդալէ ետք, կը սկսիս ուսումնասիրել, կը սկսիս հասկնալ եւ կը սկսիս հարց տալ, թէ ինչու այս աշխարհի մասին լուռ մնացած են մարդիկ։ Ես հայ չեմ, հետեւաբար, ինծի համար հարցը տարբեր է, ինծի համար խնդիր է, որ ինչո՞ւ այս մասին չեն պատմեր աշխարհին։
Ա.Թ.- Ինչպէ՞ս հասաք այստեղ։
Լ.Լ.- Երբ որոշեցինք պատմութիւնը ներկայացնել, պէտք է նաեւ որոշէինք, թէ ուրկէ սկսինք։ Մեր ուսումնասիրութիւններու արդիւնքը եղաւ այն, որ որոշեցինք սկսիլ Լոս Անճելըսէն։ Պէտք է, որ Կլէնտէյլ գայինք, պէտք էր, որ Նորթ Հոլիվիւտ գայինք, այսպէս, սկսանք Լոս Անճելըսէն։