Կատարեալ, իտէալական պետութիւն դժուար թէ ըլլայ աշխարհի երեսին։ Նորաստեղծ պետութիւն մը առաւել եւս իտէալական ու անթերի ըլլալու յաւակնութիւն չի կրնար ունենալ։
Հայաստանը տակաւին կը սեպուի նոր պետութիւն եւ այս նոր պետութեան մէջ իտէալական վիճակ փնտռելը կրնայ անարդար ըլլալ։
Սակայն, նկատի առնելով մեր անցեալը, նկատի առնելով մեր պատմութիւնը, նկատի առնելով հայրենիքի համար զոհաբերութիւնը ամէնէն բարձր արժէք նկատելու մեր դաստիարակութիւնը, նկատի առնելով գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստականութիւն ցոյց տուած, պայքարած, կռուած, վիրաւորուած ու քաջութիւնը ապացուցած մարդոց հանդէպ յարգանք ու ակնածանք ցուցաբերելը մեր նուազագոյն պարտականութիւնն է,
Նկատի առնելով, որ մեր պետութիւնը, իր նորաստեղծ ըլլալու հանգամանքով իսկ, դժբախտաբար անկարող եղած է այնպիսի արժանապատուութեամբ հոգալու իր մօտիկ անցեալի հերոսները,
Նկատի առնելով, որ ի բացակայութիւն նման հոգատարութեան, հերոսական անցեալ ունեցողներն իսկ կրնան մարդկայնօրէն սայթաքիլ, կրնան օգտագործուիլ, կամ կրնան իրենց վեհ համոզումներուն համար գործել սխալներ, որոնք կրնան իրենց առաջնորդել մինչեւ իսկ կալանքի ու բանտարկութեան,
Այս բոլորը նկատի առնելով, նաեւ նկատի առնելով, որ եկող Չորեքշաբթի Մայիս 28 է, մեր առաջին հանրապետութեան ստեղծման իննիսունամեակը, որ հոյակապ տօն մըն է, տօն մը, որու ընթացքին մենք նաեւ կը փառաւորենք անցեալի հերոսները, անցեալի ազատամարտիկները, տօն մը, որու ընթացքին մեր սիրտը կը լեցուի հպարտութեամբ եւ երախտագիտութեամբ, ինչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ այդ օրը, հայոց իշխանաւորները, հայկական պետութեան գլուխ կանգնած այրերը, իրենց սահմանադրական իրաւունքէն օգտուին եւ բանտերէն ու կալանավայրերէն ազատ արձակեն բոլոր ազատամարտիկները։
Եթէ այդպիսի բան մը պատահի, հաւատացէք, մեր բոլորի տօնախմբութիւնը աւելի ուրախ պիտի ըլլայ, մեր բոլորի երջանկութիւնը՝ աւելի անխառն։