ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 22ին հրամանագիր ստորագրած է Դաւիթ Սարգսեանը Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար նշանակելու մասին: ՀՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակէն «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին, թէ Դաւիթ Սարգսեան մինչեւ նոր նշանակումը կը զբաղեցնէր Կեդրոնական դրամատան ելեւմտական համակարգի քաղաքականութեան եւ վերլուծութիւններու վարչութեան պետի պաշտօնը: