ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Ապրիլ 20ին, պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ աֆղան եւ իրանցի ոստիկաններ երկու երկիրները իրարմէ բաժնող եւ Աֆղանիստանի հարաւարեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող կէտին վրայ զինեալ բախում մը ունեցած են, որուն պատճառով քաղաքացի մը սպաննուած է եւ իրանցի երկու ոստիկաններ վիրաւորուած են։
Ըստ Աֆղանիստանի ներքին գործոց նախարարութեան, դէպքը պատահած է Աֆղանիստանի Նիմրոզ նահանգին մէջ, երբ իրանցի ոստիկաններ մուտք գործած են Աֆղանիստան։
Երկու երկիրներուն միջեւ գտնուող երկար եւ դիւրին անցանելի սահմանը յաճախ մաքսանենգներու կողմէ կ՚օգտագործուի թմրեցուցիչ մաքսանենգելու համար։ Բազմաթիւ աֆղաններ շրջանէն ապօրինաբար մուտք կը գործեն Իրան, եւ սահմանային բախումները յաճախակի են։
Միւս կողմէ, Աֆղանիստանի Քունար նահանգի փոխոստիկանապետ Ապտուլ Սապուր Ալլաեար յայտնեց, որ երէկ նահանգին մէջ հրթիռով յարձակումի մը պատճառով 15 տարեկան պատանի մը սպաննուած է եւ հինգ ուրիշ մանուկներ վիրաւորուած են։