ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Նորթրիճի նահանգային համալսարանի Հայագիտական ծրագրի վարիչ ու դասախօս դոկտ. Վահրամ Շէմմէսեան Կիրակի, Մայիս 4ին, կ.ե. ժամը 4ին, Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին Սուրիոյ մէջ փրկուած հայ երեխաներու եւ կիներու մասին դասախօսութիւն մը պիտի տայ «Արարատ» տան «Էսքիճեան» թանգարանին մէջ: Ծրագիրը կազմակերպուած է թանգարանին ու Հայագիտական ազգային կազմակերպութեանց (NAASR) համագործակցութեամբ:
Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին չսպաննուած կիներն ու երեխաները առեւանգուեցան, բռնաբարուեցան, ստրկացան, պարտադիր ամուսնութեանց ենթարկուեցան կամ իսլամացան: Շէմմէսեան պիտի կեդրոնանայ համաշխարհային Ա. պատերազմէն անմիջապէս ետք այս զոհերը փրկելու համար Սուրիոյ մէջ տարուած աշխատանքին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (617) 489-1610 թիւին: