ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյն «Ա. եւ Մ. Յովսէփեան» վարժարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները, Բանաստեղծութեան ամսուան առիթով, պիտի մասնակցին բանաստեղծական երեկոյի մը՝ Cafe Poetry:
Շաբաթ, Ապրիլ 19ին, երեկոյեան ժամը 8ին, վարժարանին սրահին մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկին ընթացքին աշակերտները պիտի արտասանեն ոչ միայն ամերիկահայ բանաստեղծներու գործերէն, այլ նաեւ իրենց հեղինակած բանաստեղծութիւնները:
Շրջանակը ամբողջացնելով, շրջանէն շարք մը հայ բանաստեղծներ անձամբ կամ տեսաերիզի միջոցաւ ներկայ պիտի ըլլան ձեռնարկին, արտասանելու համար աշակերտներուն գործերէն օրինակներ:
Երաժշտական ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ Ռայն Տեմիրճեան, Զարեհ Մանուկեան ու բարեկամները:
Մուտքը 7.5 տոլար է, իսկ դպրոցին հասցէն է՝ 2215 E. Colorado Blvd.: