Զարմանալի երեւոյթ է, որ մարդիկ միեւնոյն նախանձախնդրութիւնը չեն ունենար իրենց սեփական տան հանդէպ: Ամէնէն սովորական մաքրութենէն սկսեալ, մինչեւ տան պատերուն ներկուիլն ու սալայատակին փայլեցման հանդէպ հետաքրքրութիւնը մարդէ մարդ կը տարբերին: Ոմանց համար սեւցած կամ տժգունած պատերը այնքան մաքուր կ’երեւին, որ անոնց վրայ ներկ մը զարնելը աւելորդ կը նկատուի: Իսկ սեւով ու մուրով պատուած գետինը, որ փողոցի գետինէն կարելի չըլլար զանազանել, ոմանց համար դահլիճի գորգապատ սալայատակ կը թուի ըլլալ, որուն վրայ նոյնիսկ բոկոտն կը քալեն, առանց զգալու գետնի կեղտն ու փոշին:
Տան հանդէպ նախանձախնդրութիւնը ունի իր տարբեր հասկացողութիւնները: Նախ այդ «Տուն»ը, առաջին հերթին այն աշխարհն է, որուն խնամքը մեզի՝ մարդուն յանձնուած է Աստուծոյ կողմէ: Կենսոլորտային բոլոր հարցերը, որոնք այսօր կը տագնապեցնեն մարդկութիւնը, աշխարհի նկատմամբ մարդուն ունեցած անտարբերութենէն, անհոգութենէն ու անոր բնական հարստութեանց անհաշիւ ու անարդար շահագործումէն յառաջ կու գան:
Երկրորդ հերթին, այդ «Տուն»ը Աստուծո՛յ Տունն է՝ Եկեղեցի՛ն է: Աստուծոյ Տան հանդէպ նախանձախնդրութիւնը Յիսուս ի՛նք սորվեցուց, Տաճարի մաքրագործումը կատարելով (տե՛ս Մտ. 21.12-13): Այդ Տան նկարագրին մասին խօսելով, Ան կը մէջբերէ Հին Կտակարանէն Եսայի մարգարէին այն խօսքը, ուր կ’ըսուի, թէ «իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի» (հմմտ. Ես. 56.7):
Երրորդ հերթին՝ այդ «տուն»ը, մեր ապրած սեփական յարկն է, որ երբեմն մեր ձեռքերով շինուած կ’ըլլայ, եւ կամ գնած կ’ըլլանք ուրիշէ մը եւ կամ՝ վարձակալ կ’ըլլանք անոր մէջ, տանտէրի մը հովանաւորութիւնը վայելելով: Կարելի է առարկել, թէ այս երեքին պարագային ալ մօտեցման տարբերութիւններ կրնան ըլլալ, սեփականութեան զգացման իմաստով: Սակայն, վեր ի վարոյ, ամէնօրեայ բնակութեանդ վայրը ըլլալուն, ժամանակի ընթացքին հարազատութեան զգացում մը կ’աճի մէջդ եւ խնամատարական ոգիով կը մօտենաս, քու անձնական հանգիստիդ համար: Իսկ բնակութեան պայմաններու պարագային կեղտն ու անկանոնութիւնը՝ նկարագրային կամ բնաւորութեան հարցեր են, որոնք թերի դաստիարակութենէն յառաջ կու գան:
Չորրորդ հերթին, այդ «տուն»ը, անպայման փաստաթուղթերով մեր անունին արձանագրուած յարկը չըլլար, ո՛չ ալ վարձակալական օրէնքով մտած կ’ըլլանք այնտեղ: Այլ՝ անիկա կրնայ մեր գործատեղին ըլլալ, ուր կ’այցելենք ամէն օր, կամ՝ մեր պաշտօնավարման վայրը ըլլալ, ուր երկար ժամանակով կայք կը հաստատենք եւ վարձքով կամ կամաւորաբար աշխատանքի ու ծառայութեան կը լծուինք: Ամէն պարագաներու մէջ ալ, դարձեալ, այդ «տան» նկատմամբ նախանձախնդրութիւն մը կ’ակնկալուի մեզմէ եւ, գիտակից մարդոց պարագային, բնական մղումով արդէն իսկ ատիկա կը կատարուի, առանց յաւելեալ յիշեցումներու, կամ դիտողութեանց կարիքի:
Այս չորրորդը, սակայն, ամէնէն աւելի փորձութեան դուռ բացողն է մարդուն դիմաց, որովհետեւ պաշտօնական փաստաթուղթի չգոյութեան բերումով, սեփականութեան զգացումը նուազագոյն աստիճանի վրայ կը գտնուի: Այդ տան գոյքերուն նկատմամբ անհոգութենէն սկսեալ, մինչեւ զանոնք վայրագօրէն գործածելն ու կոտրտելը, փորձութիւն իբրեւ կան այդտեղ ապրող մարդոց դիմաց: Ընդհանուր կարգաւորման, ինչպէս նաեւ այսպիսի անկանոնութեանց առաջքը առնելու համար, կարգ մը հաստատութիւններ, գործատեղիներ եւ կազմակերպութիւններ ունին ընդհանուր վարիչներ կամ վերակացուներ, որոնք կը ստանձնեն տեղւոյն պատասխանատուութիւնը: Անոնք կը հսկեն այդտեղի գոյքերուն լաւ պահպանումին, խնամքով գործածութեան եւ նոյնիսկ կը տուգանեն զանոնք չարաշահողներն ու կոտրտողները, փոխհատուցում պահանջելով:
Այդ բնակիչներէն ոմանց համար, չարաշահումը անգործութեամբ ալ կ’իրագործուի: Այսպէս, գործատեղիի մը մէջ, վերակացուին աչքէն հեռու գործաւոր մը ծուլութեամբ իր ժամանակը սպաննելով, կը չարաշահէ տուեալ հաստատութիւնը եւ աւելորդ բեռ կը դառնայ գործատիրոջ ուսերուն: Նոյնպէս, որեւէ հաստատութեան մէջ պաշտօնեայ մը կրնայ չարաշահել իր դիրքը, հաստատութեան անունով դիմումներ կատարելով եւ անձնական շահեր ապահովելով: Ամէնէն տխուր պարագան այն է, երբ ոմանք ընծայումով կապուած են հաստատութեան մը, ուր իրենց պաշտօնին համապատասխան գիտակցութիւն չեն ցուցաբերեր, դառնալով ցեց մը, որ միայն կ’օգտուի այն յարկէն, ուր կը բնակի, եւ զայն կը կրծէ իբրեւ իր առօրեայ սնունդը, մինչեւ որ փճանայ այն երդիքը, որ զինք ծածկած է, եւ ինք մէջտեղ մնայ անպաշտպան:
Տան հանդէպ նախանձախնդրութիւնը գիտակցութիւն կը պահանջէ: Այդ նախանձախնդրութիւնը պէտք է «այրէ՛» քեզ, ինչպէս գրուած է Սաղմոսին մէջ (հմմտ. Սղ. 69.9), զոր Յիսուս ալ մէջբերեց, Տաճարը մաքրած պահուն (հմմտ. Յհ. 2.17):
Օդանաւային ճամբորդութեան մը ընթացքին, ծանուցումներու գիրքի մը մէջ ուշադրութիւնս գրաւեցին իրարու կցուած երկու նախադասութիւններ՝ «Տունը տեղ մը չէ՛ ուր միայն կը բնակինք: Տունը վայր մըն է, որուն կը պատկանինք»: Հասկցողին շա՛տ բարեւ, պիտի ըսէր հին բարեկամ մը: Որովհետեւ պատկանելիութեան այդ գիտակցութի՛ւնն է, որ պիտի ծնի նախանձախնդրութիւնը: Քու սեփական մարմնիդ հանդէպ նախանձախնդրութիւնդ ու հոգածութիւնդ մէկ նպատակ ունի՝ առողջութիւնդ: Իսկ ինչո՞ւ չես մտածեր հաւաքական առողջութեան մասին, ընկերային առողջութեան մասին, շրջապատիդ առողջութեան մասին, որ նաեւ քո՛ւ առողջութիւնդ է, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով: Ա՛յս ալ գիտակցութեան խնդիր է, որմէ զրկուած են շատեր:
Տունը եթէ միայն ու միայն բնակութեան վայր մը ըլլար, անոր մէջ բնակող անդամները հարազատութեամբ առնչակից պիտի չըլլային իրարու: Մինչ երբեմն նոյն տան մէջ ապրող ուսանողներ, կամ տարբեր ընտանիքներէ եկած ու նոյն յարկին տակ նոյնիսկ վարձքո՛վ բնակող մարդիկ, այդ տան հանդէպ պատկանելիութեան զգացում մը կ’ունենան ու խնամքով կը վարուին իրենց վստահուած ամէն ինչին հետ: Ուրեմն քաղաքակրթութեան խնդիր մը կայ, որուն զարգացման ու առողջ պահպանումին հոգ պէտք է տանիլ, մարդկային ընկերութիւնը ազատելու համար անպատասխանատու եւ շահագործող ցեցերէ: Կրօնական դաստիարակութեան անպայմա՛ն պէտք է միացնել բարոյական կրթութիւնը եւ քաղացացիական ուսմանց դասընթացքները, «տան» երեք հասկցողութեանց հանդէպ ալ նախանձախնդրութիւնը եւ անոր պատկանելիութիւնը շեշտելու համար մարդուն մէջ: