ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Քաղաքական համախմբումի մաս կազմող քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու կարծիքով՝ նորանշանակ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան կրնայ ղեկավարել եւ հասնիլ յաջողութեան, շնորհիւ իր արհեստավարժութեան:
Այս մասին անոնք յայտարարեցին Ապրիլ 11ին, խորհրդարանի ճեպազրոյցի ժամանակ: Միայն խորհրդարանի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան անդամներն էին, որոնք կը կասկածէին, որ Տիգրան Սարգսեան կրնայ ղեկավարել 4 քաղաքական ուժերէ բաղկացած քաղաքական համախմբումը:
Ի պատասխան, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Նայիրա Զօհրապեան նկատեց, որ վարչապետը ոչ թէ պէտք է ղեկավարէ այդ 4 կուսակցութիւնները, այլ պէտք է փորձէ ղեկավարել այն խումբը, որ կը ձեւաւորուի ապագային: Իսկ ՀՀԿ անդամ Ռաֆիկ Պետրոսեանի խօսքով՝ ի հարկէ ցանկալի կ’ըլլար, որ վարչապետի պաշտօնին վրայ ըլլար հանրապետական մը, բայց քննարկումները ցոյց տուին, որ այդ պաշտօնին համար արհեստավարժ մը պէտք է:
Ինչ կը վերաբերի ապագայ կառավարութեան մէջ խմբակցութիւններու համեմատական մասնակցութեան հարցին, ապա խորհրդարանի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեան նշեց, որ առայժմ այդ հարցը չէ քննարկուած: Իսկ ուժային կառոյցներուն մէջ նախարար ունենալու՝ Հ.Յ.Դ.ի ցանկութիւնը, խմբակցութեան ղեկավարներու կարծիքով, բնական է. Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ, այդ թւում Հ.Յ.Դ.ի նման քաղաքական ուժը, կը ձգտի ղեկավարել այդ նախարարութիւնները: Սակայն, Հ. Կարապետեանի խօսքով, կան շարք մը հարցեր, քանի որ այդ պաշտօններուն վրայ կուսակցականներ չեն կրնար ըլլալ: Այդ պարագային Հ.Յ.Դ.ի համար այս հարցը շատ աւելի սկզբունքային է, եւ պարտադիր չէ, որ այդ պաշտօններուն վրայ առաջադրուին կուսակցականներ: «Ապագայ կառավարութիւնը պէտք է ձեւաւորուի փոխհամաձայնութեան մթնոլորտի մէջ», ըսաւ Հ. Կարապետեան:
Խորհրդարանի փոխնախագահի թափուր պաշտօնին համար իր առաջադրման հաւանականութեան վերաբերեալ հարցին Հ. Կարապետեան պատասխանեց, որ այդ նոյնպէս յառաջիկայ բանակցութիններու հարց է, իսկ իր որոշումը պայմանաւորուած է կուսակցութեան որոշումով:
Լիցքաթափուա՞ծ է, արդեօք, քաղաքական լարուածութիւնը համախմբումի համաձայնագրի կնքումէն ետք: Ըստ Նայիրա Զօհրապեանի՝ եթէ լուծուին այն առաջնահերթ հարցերը, որոնք նշուած են համաձայնագրին մէջ, ապա ատոր զուգահեռ իրավիճակը լիցքաթափելու հնարաւորութիւն կը ստեղծուի: