Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ մեր այսօրուան թիւով կը սկսինք Րաֆֆի Տուտագլեանի ստորագրութեամբ սիւնակը։
Րաֆֆին լրագրական ասպարէզ մտած է Պէյրութ, աշխատակցելով «Ազդակ» օրաթերթին, ապա 1991-1998 տարիներուն աշխատած է նաեւ «Ասպարէզ»ին՝ որպէս քաղաքական բաժնի խմբագիր։
Լրագրական ասպարէզէն անցնելով մանկավարժութեան, ան դարձած է Թորոնթոյի Հայ օգնութեան միութեան ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն 1998էն 2004 տարիներուն։
Չորս տարի առաջ, Րաֆֆին իր տիկնոջ՝ Լարա Չոլաքեանին հետ փոխադրուեցաւ Երեւան, ուր դարձեալ կրթութեան հետ առնչուող գործի մը լծուած է, դանիական ոչ կառավարական «Միշըն իսթ» ընկերութեան երեւանեան գրասենեակի փոխտնօրէնի պաշտօնով։ Յատուկ ուշադրութեան կարիք ունեցող երեխաներու կրթական խնդիրները ուսումնասիրող եւ Հայաստանի պետական համապատասխան կառոյցներուն հետ այդ խնդիրներու լուծման օժանդակող «Միշըն իսթ»ի իր գործի բերումով, Րաֆֆի յաճախ կը շրջի Հայաստանի տարբեր շրջաններ։
Ան ունի երկու զաւակ՝ Ռուբէն եւ Արամ։ Փոքրը՝ Արամը, ծնաւ Երեւանի մէջ։ Լարան նախ աշխատեցաւ Եւրասիա կազմակերպութեան, հիմա կ’աշխատի «Հայ փոսթ»ի կառավարումը ստանձնած ընկերութեան, որուն փոխտնօրէններէն մէկն է՝ պատասխանատու միջազգային յարաբերութիւններու բաժնին։
Շնորհակալ ենք Րաֆֆիին, որ ընդառաջելով մեր խնդրանքին, սիրայօժար յանձն առաւ կարելի կանոնաւորութեամբ հասցնել մեզ իր սիւնակը, որ լոյս պիտի տեսնէ ամէն Չորեքշաբթի օր, հինգերորդ էջին վրայ։ Սիւնակի վերջաւորութեան պիտի գտնէք Րաֆֆիի ելեքտրոնային հասցէն։ Յօդուածագիրը կը յուսայ, որ ընթերցողները իրենց կարծիքները կը գրեն իրեն։
Բարի երթ կը մաղթենք այս սիւնակին։