ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիոլուր».- ԼՂՀի նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 8ին աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Երեւան: Ինչպէս «Ռատիոլուր»ին յայտնած են ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն, այցի շրջագծէն ներս Բակօ Սահակեան պիտի մասնակցի ՀՀ նորընտիր նախագահ Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութեան: