Ողջունելի է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի կարգադրութիւնը՝ Կիրակի օր Ս. Էջմիածնի եւ առաջնորդանիստ եկեղեցիներու մէջ Մարտ 1ի տխուր իրադարձութիւններու ընթացքին զոհուած հայորդիներու համար հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու։
Ողջունելի է, որովհետեւ հոգեպարար այս արարողութեամբ Ս. Էջմիածինը իր բաժին նպաստը կը բերէ մեր հաւաքական խռովքը մեղմացնելու, մեր հոգեկան տագնապը բուժելու անհրաժեշտ գործին։
Ողջունելի է, մանաւանդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի կողմէ այս քայլը, պարզ այն պատճառաւ, որ վեհափառը, իր հոգեւոր կոչումի բարձրութեան վրայ մնալով, անտեսեց իր անձի ու պաշտօնի դէմ կատարուած անհեթեթ ցեխարձակումները, որոնք դժբախտաբար կատարուեցան ընդդիմադիր արմատական գործիչներու կողմէ։
Անկախ պետականութեան պայմաններու տակ, մենք ամէնքով դաւադրեցինք մեր ազգի արժանաւոր բազմաթիւ զաւակներու վարկը զգետնելով, ստորնացնելով զանոնք, ոչնչացնելով իբրեւ մարդ, իբրեւ հեղինակութիւն, իբրեւ բարոյական կշիռ։ Այս վիճակի ծանր հետեւանքները իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն ազգային ճգնաժամի պահերուն, ինչպիսիք էին Մարտի 1ի դէպքերը։
Նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդող փոթորկալի իրադարձութիւններու ընթացքին, մեր մէջ արմատացած այս նոյն դատապարտելի վարքագիծին թիրախ դարձաւ Ամենայն Հայոցը։ Անհասկնալի այս վերաբերմունքի դրդումները մութ են ու առեղծուածային։ Կը վստահեցնեմ, որ նոյնսիկ ամէնէն գրգռուած ցուցարարն ալ, շունչ մը քաշելէ ետք պիտի անդրադառնայ, որ վիրաւորական ածական մը վեհափառի անունին փակցնողները ոչ մէկը քարոզչական, քաղաքական կամ որեւէ տեսակի շահ մը չունեցան, այլ միայն ու միայն վնասեցին։ Վնասեցին, որովհետեւ փոքրացան յաչս նոյն իրենց հետեւորդներուն։
Ներազգային գետնի վրայ ատելութիւն սերմանելու եւ խորացնելու ամէն մարտավարութեան պէտք է հակադրել ողջախոհ քայլերով ու գործողութիւններով։
Այս դիտակէտէն է, որ կը գնահատենք Մարտ 1ի զոհերու յիշատակին Ս. Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու որոշումը։