Բազմաթիւ հեռաձայններ ստացած ենք ընթերցողներէ, որոնք կասկած կը յայտնեն մեր յանձնառութեան՝ տեղ տալու իրենց կարծիքներուն կամ պատասխանելու իրենց հարցերուն կամ հարցումներուն։
Ոչ հայհոյական բնոյթի կարծիքներուն տեղ պիտի տանք։ Վստահ եղէք։ Ձեր կարծիքին հանդէպ՝ մեր վերջնական կարծիքն ալ տալու իրաւունքով։ Այդքանին իրաւունքը պէտք է ունենանք։
Հարցումներու պարագային դարձեալ կը վստահեցնենք, որ նախ անպայման անոնց ալ տեղ պիտի տանք եւ ըստ հնարաւորի պատասխանելու ալ փորձ պիտի ընենք։
Երէկուան մեր թիւով, 5րդ էջի վրայ տպուած ամերիկեան պետական մանկապարտէզի ուսուցչուհի Կարինէ Տէր Գէորգեանի նամակը ինծի համար շատ հետաքրքրական էր եւ այնքան շնորհակալ եմ իրմէ, որ «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն հետ կիսեց իր դատողութիւնները։
Այսօր կը ներկայացնենք հայերէնի վաստակաւոր ուսուցիչ Հայկազ Թրթռեանի նամակը, ուր ան պատասխաններ կը սպասէ իր ներկայացուցած չորս հարցումներու, երկուքը ուղղուած «Հորիզոն» հեռուստատեսութեան պատասխանատուներուն, միւս երկուքը՝ «Ասպարէզ»ին։
Ահա նամակը, որուն պիտի հետեւի մեր պատասխանը։
«Քաջալերուելով «Ասպարէզ» օրաթերթի Մարտ 28ի թիւին մէջ, ձեր «Օրը Օրին» սիւնակի վերջին երկու պարբերութիւններուն մէջ յայտնած մտքերէն, եւ յուսալով որ անոնք լոկ քարոզչութեան համար գրուած չեն, բայց մանաւանդ հաւատալով, որ անպայման պիտի ստանամ հարցումներու պատասխանները, երկու հարցում ունիմ «Հորիզոն» հեռուստատեսութեան պատասխանատուներուն եւ երկու հարցում ձեզի.
Ուրեմն՝ նախ «Հորիզոն»ին.-
Ա.- Արդեօք «Հորիզոն»ի յայտագիրները (ոչ թէ ծրագիրները) դիտողները քանի՞ անգամ, առանց ձանձրոյթի, կրնան հետեւիլ Յովան Թաշճեանի պատրաստած ուղեւորութեան տպաւորութիւններուն, պարսկահայ գաղութի եւ Չաւախքի մասին։
Բ.- Ինչո՞ւ պաստառի վրայ ձեր գրութիւններուն մէջ, երբեմն, կը գործածէք սովետահայ (աբեղեանական) ուղղագրութիւնը, փոխանակ միշտ օգտագործելու դասական ուղղագրութիւնը։
Հիմա «Ասպարէզ»ի հարցումները.-
Ա.- Ի՞նչ կը նշանակէ «տաղաւար» բառը։
Բ.- Ի՞նչ է տարբերութիւնը հետաքրքրիր եւ հետաքրքրական եւ հասկացողութիւն եւ «հասկացութիւն» նորածնունդ բառերուն»։
«Հորիզոն»ի պատասխանատու Հէրի Որբերեան, պատասխանելով առաջին հարցումին, կը յայտնէ, թէ «Հորզոն»էն շատ աւելի հզօր հնարաւորութիւններ ունեցող օտար հեռուստատեսութիւններու մօտ ալ ընդունելի է մեծածախս, բայց ժողովրդական յայտագիրները կրկնել։ Յովան Թաշճեանի պատրաստած նիւթերը հետաքրքրութեամբ կը դիտուին մեր հանդիսատեսներուն կողմէ եւ իր յայտագրի կրկնութեան յաճախակիութիւնը պայմանաւորուած է թէ՛ «Հորիզոն»ի պայմաններու սղութեամբ եւ թէ՛ յաւելեալ թիւով դիտողներու հասնելու միտումով։
«Հորիզոն» ջանք պիտի չխնայէ նոյն մակարդակի յայտագիրներու թիւը շատցնելու, որպէսզի կրկնութիւնները, որոնք կրնան ձանձրալի ըլլալ, նուազին։
Երկրորդ հարցումին պատասխանելով, Որբերեան կը յայտնէ, որ որոշ նիւթեր «Հորիզոն» ուղղակի կը ստանայ Երեւանի «Երկիր Միտիա» կայանէն եւ այդ նիւթերու պարագային, պաստառի վրայ եղած գրութիւնները կարելի չէ հանել եւ փոխարինել ուրիշով։ «Հորիզոն» իր պատրաստած նիւթերու պարագային միայն կ’օգտագործէ դասական ուղղագրութիւն։
Անցնելով «Ասպարէզ»ի ուղղուած հարցումներուն, տաղաւար բառի դիմաց Էդ. Աղայեանի «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան»ը կու տայ ութ բացատրութիւններ։
1.- Այգիներում, զբօսայգիներում եւայլն ժամանակաւոր թեթեւ շինութիւն՝ խաղերի, հանգստի, առեւտրի եւլնի համար։
2.- Խրճիթ, հիւղակ՝ ժամանակաւոր բնակութեան համար։
3.- Վրան։
4.- Յատուկ շէնք, շինութիւն, որեւէ բանի ցուցադրման համար, ցուցանմոյշների սրահ։
5.- Կենցաղային սպասարկման փոքրիկ արհեստանոցների ընդհանուր անուանում:
6.- Լուսանկարչութեան կամ կինոնկարահանումների համար յարմարեցուած շէնք՝ սրահ, եւայլն։
7.- Արեւմտահայերէնով. պաշտօնեաների՝ յատուկ շէնքերի կամ բակերի մուտքերի մօտ առանձնացուած փոքրիկ տեղ պահապանների՝ հերթապահների համար։
8.- Կրօնական. հինգ աւագ տօներից (Ծնունդը, Զատիկը, Վարդավառը, Վերափոխումն Աստուածածնի եւ Խաչվերաց) իւրաքանչիւրը։
«Ասպարէզ»ին ուղղուած երկրորդ հարցումը կը վերաբերի հետաքրքիր ու հետաքրքական բառերու տարբերութեան։ Հետաքրքիրը, ըստ նոյն բառարանին թէ ածական է, հետաքրքրութիւն ունեցող իմաստով եւ թէ խօսակցական լեզուի մէջ՝ հետաքրքրական՝ հետաքրքրութիւն ներկայացնող իմաստը ունի։
Հասկացողութիւն բառի դիմաց կը կարդանք հինգ իմաստներ, որոնցմէ հինգերորդը կ’ըսէ՝ «տես հասկացութիւն», այսինքն երկու բառերը տեղ մը կը խաչաձեւուին, ունին նոյն իմաստը՝ որ այս պարագային «գաղափար»ն է։
Այս պատասխանները տալով հանդերձ, եթէ պարոն Թրթռեան կը կարծէ, որ մենք այս բառերը սխալ կամ թիւրիմացաբար օգտագործած ենք, կրնայ ըլլալ, մեր հայերէնի գիտութիւնը եւ մեր ծանրաբեռնուածութիւնը անբաւարար արդարացումներ են այդպիսի դէպքերու, որոնց համար միայն կրնանք ներողութիւն խնդրել եւ համբերութիւն։