Արցախի Նորաշէն գիւղի մօտակայքը, Մարտ 9ին, 16ամեայ պատանի մը՝ Սասուն Ժամհարեան, զոհ գացած է ականի մը պայթումին։ Այս տարուան մէջ ասիկա ականի պայթումի առաջին դէպքը եղած է։
Անցեալ տարի ականի պայթումին զոհ գացած է Մարտակերտի Մեհմանա գիւղի համայնքապետ Միքայէլ Աթաբեկըանը։
Արցախի ականապատուած տարածքները մաքրելու, ականազերծելու աշխատանքը տարիներէ ի վեր կը տանի «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութիւնը, որ միջազգային օժանդակութեան միջոցներով կը ֆինանսաւորուի։