Հայկական իրականութիւնը հարուստ է բարեգործական մեծ ու փոքր միութիւններով։
Համահայկական կառոյցներով օժտուած եւ հարիւրամեայ վաստակով փառաւորուած Հայ օգնութեան միութեան եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան կողքին հայկական տարբեր համայնքներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ծլած են ու տեղական թէ համազգային նշանակութեամբ մեծ ու փոքր ծրագիրներու իրականացման աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բազմաթիւ ուրիշ կազմակերպութիւններ։
Միութիւններու այս բազմազանութիւնը օգտակա՞ր է, թէ՝ վնասակար։
Մեծ կազմակերպութիւնները կրնան մտածել, որ փոքրերու գործունէութիւնը կրնայ դժուարացնել ճիգերը եւ միջոցները կեդրոնացնելու, զանոնք նպատակասլաց կերպով օգտագործելու աշխատանքը։
Քաշաթաղի զարգացման նուիրուած խորհրդաժողովին մասնակցող կազմակերպութիւնները գրեթէ բոլորը արդէն երկար ճամբայ կտրած եւ իրենց հասողութեան գօտին ընդարձակելու իրաւունքը շահած են։
Օրինակ, Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, որ Լոս Անճելըսի մէջ հիմնուած ըլլալով հանդերձ իր բարեգործութիւնը կը կեդրոնացնէր Լիբանանի Ճեմարանին վրայ, անցեալ տարիներուն իր գործունէութեան ծիրը ահագին ընդարձակած է եւ Հայաստանի ու Արցախի տարածքները նուաճած՝ գիւղական դպրոցներու վերանորոգման, թէ կրթաթոշակներու բաշխման տարեկան ծրագիրներով։
Անոր կողքին, «Թուրփանջեան»ը նոր հիմնադրամ մըն է, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իր ծրագիրներու գործադրութիւնը վստահած է Հայաստանի եւ իր ընկերութեան վաճառքէն գոյացած հասոյթէն բաժին հանած է ազգին։
«Շէն» միութիւնը առաւել ծանօթ է ֆրանսահայ համայնքին, բայց եւ ունի իր հայաստանեան մասնաճիւղը։ «Շէն»ը վերջերս Արցախի եւ Հայաստանի մէջ բարեսիրական գործունէութենէն վերաճած է ներդնումներ կատարող եւ որոշ ոլորտներու մէջ նորութիւններ բերող կազմակերպութեան։ Արագածոտնի շրջանին մէջ ծիրանի սեփական դաշտեր ցանած, չիրի մշակման եւ «օրկանիք» կնիքը հայկական գիւղատնտեսական կարգ մը արտադրութիւններու վրայ դրոշմելու ուղղութեամբ յաջողութիւններ արձանագրած այս կազմակերպութիւնը իր փորձով կրնայ մեծ օգուտ տալ նաեւ Քաշաթաղին։
«Գուրգէն Մելիքեան» հիմնադրամը, որ կը ղեկավարուի նոյնանուն գործիչին՝ Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտական բաժնի ղեկավար Մելիքեանի կողմէ, Քաշաթաղի Բերձոր քաղաքի մուտքի երկու կողմերուն ընկոյզի ծառերու շարք ցանած է, որոնց շուքն ու գեղեցկութիւնը շուտով զգալի պիտի դառնան։
«Մելիքեան» հիմնադրամը, որուն աջակցած են մեր գաղութէն բարերարներ, որոնց շարքին պէտք է յիշեմ հանգուցեալ Սերժ Բաբայեանցը, ինչպէս նաեւ արեւելեան Ամերիկայէն Քարոլայն Նաճարեան ընտանիքը, նաեւ նպաստ կը բաժնէ արցախցի բազմազաւակ ընտանիքներու։ Ի մէջ այլոց, Բերձորի մուտքին տեղադրուած է նոյն Սերժ Բաբայեանցի յուշաղբիւրը։
«Ձեռք ձեռք»ի կազմակերպութիւնը Արա Մանուկեանի ստեղծածն է։ Յայտնի պատմական դէմք հանդիսացող Շահան Նաթալիի այս թոռնիկը, տարիներ առաջ Արցախ հաստատուած է եւ այնտեղ գործ նախաձեռնած։ Հիմա այս իր կազմակերպութեամբ իր հանգանակած միջոցները իր ձեռքով կը տանի կը յանձնէ նպաստընկալներու։ Անհամեմատ փոքր միաւոր մըն է, բայց եկուր այդ մասին համոզէ իր ձեռքով նպաստը ստացող մարդուն։
Շարքը տակաւին երկար է։
Օգտակա՞ր է այս բազմութիւնը, թէ՝ վնասակար։
Եթէ զիրար կը լրացնեն, միայն օգտակար կրնայ ըլլալ։ Եթէ կրկնեն նոյն աշխատանքը, մսխում կ’ըլլայ։
Կրկնութիւններ կան, բայց բարեբախտաբար քիչ են։
Յամենայնդէպս, սիւնակին վերնագիրը կը մատնէ իմ նախասիրութիւնս՝ ըստ հնարաւորի կեդրոնացնելու միջոցներն ու ճիգերը մեծ կազմակերպութիւններու հովանիին տակ։