Արցախի պատասխանը ատրպեճանական յոխորտանքներուն, դիւանագիտական անպտուղ նախաձեռնութիւններուն այս անգամ եկաւ Քաշաթաղէն։ Երէկ, ազատագրուած այս տարածքի կեդրոնին՝ Բերձորի մէջ, իր աշխատանքները սկսաւ «Թիւֆէնկեան» հիմնադրամի նախաձեռնած «Քաշաթաղի շրջանի զարգացման նուիրուած խորհրդաժողով»ը, որուն կը մասնակցին բազմաթիւ հայկական բարեսիրական կազմակերպութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան ներկայացուցիչներ։
Ատրպէյճան որքան բարձր աղմկէ, որքան սուր ճօճէ, Արցախը, իր թիկունքին ունենալով համայն հայութիւնը, ազատագրուած հողը ծաղկեցնելով պիտի տայ իր պատասխանը։
Խորհրդաժողովի բացման խօսքին մէջ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան բաւական յստակ կը դարձնէ Արցախ պետութեան յանձնառութեան բարձր մակարդակը ազատագրուած այս տարածքը զարգացնելու եւ վերաբնակեցման ծրագիրները նոր որակով յառաջ տանելու ուղղութեամբ։
Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք «Թիւֆէնկեան» հիմնադրամին ու բոլոր ներկաներուն իրենց մասնակցութեան համար իր տեսակի մէջ այս իւրայատուկ խորհրդաժողովին, նախագահ Սահակեան շեշտած է, որ «Քաշաթաղի շրջանը ամբողջ հայ ժողովրդի համար ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող մի միաւոր է։ Եւ պատահական չէ, որ մեր հակառակորդը մօտ եօթանասուն տարիների ընթացքում այս տարածքը դարձրել էր սեպ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ։ 1992 թուականի Մայիսից կտրականապէս փոխուել է շրջանի դերը եւ այդ ժամանակ ազատագրուած մի նեղ հատուածը դառել է իրօք «կեանքի ճանապարհ» արցախցիների համար»։
Սահակեան աւելցուցած է, որ «գիտակցելով Քաշաթաղի թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական կարեւորութիւնը, նրա ապագայի համար ողջ պատասխանատուութիւնը, մենք բոլորս միասին պէտք է ձեռնամուխ լինենք շրջանի զարգացման գործին, ստեղծենք կայուն ու մրցունակ տնտեսութիւն, բարձրացնենք բնակչութեան կենսամակարդակը, բարելաւենք մարդկանց կենսապայմանները։ Դա է այսօրուայ հրամայականը եւ դա են պահանջում մեր ազգային անվտանգութեան շահերը»։
Շրջանի վերաբնակեցման քաղաքականութեան ոչ ճիշդ իրականացումը քննադատելով, նախագահ Սահակեան յայտնած է, որ կառավարութիւնը արդէն քայլեր առած է Քաշաթաղի մէջ այնպիսի մթնոլորտ ձեւաւորելու համար, որ յստակ ըլլայ օրէնքի գերակայութիւնը՝ կայուն զարգացում ապահովելու իբրեւ նախապայման։
«Ուժեղ, զարգացած ու վերաբնակեցուած Քաշաթաղի առկայութիւնը կայուն նախադրեալներ կը ստեղծի նաեւ աւելի ամրացնելու մեր դիրքերն ինչպէս ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացում, այնպէս էլ ճակատային գծում, դարձնելով այն առաւել պաշտպանուած ու անվտանգ», յայտնած է նախագահը, աւելցնելով, որ կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ գիւղատնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն, որոնց զարգացման հիմքերը կան շրջանին մէջ։
Այս ամէնը խօսքեր չեն միայն։ Նախագահ Սահակեան այս առթիւ ներկաներուն կը բացայայտէ, որ Քաշաթաղի շրջանի այս տարուան պիւտճէն երեք միլիառ եօթ հարիւր միլիոն դրամ է, որ քառասուն տոկոսով աւելի է, քան անցեալ տարուան պիւտճէն։
Մենք ալ, նախագահ Սահակեանի նման կը հաւատանք, որ «համատեղ ուժերով մենք կը շէնացնենք Արցախի այս գողտրիկ հատուածը, որն ունի համահայկական նշանակութիւն։ Առանց Քաշաթաղի շրջանի հնարաւոր չէ Լեռնային Ղարաբաղի՝ որպէս անկախ պետութեան, լիարժէք զարգացումը եւ անվտանգ գոյատեւումը։ Սա պէտք է յիշենք բոլորս եւ սրանով առաջնորդուենք մեր բոլոր ձեռնարկումներում»։